Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Սփիւռքի հայ համայնքներէն ներս ազգային ինքնութեան պահպանման ու զօրացման, երիտասարդներու մօտ հայոց լեզուի իմացութեան մակարդակի, հայկական կրթօճախներու ուսուցիչներու, կրթական գործի պատասխանատուներու, ազգային երգ ու պարի խումբերու ղեկավարներու որակաւորման բարձրացման, Սփիւռքի լրատուամիջոցներու, երիտասարդական կազմակերպութիւններու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ համայնքներու ինքնակազմակերպման աջակցելու նպատակով ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը Երեւանի պետական համալսարանի հետ համատեղ 2016-ին կը շարունակէ իրականացնել «Սփիւռք» ամառնային դպրոց» ծրագիրը:

«Սփիւռք» ամառնային դպրոցին մէջ կ’իրականացուին դասընթացքներ հինգ ուղղութիւններով`

1.«Հայոց լեզուի արագացուած ուսուցում»` Յուլիս 3-30,

2.«Հայոց լեզուի եւ պատմութեան ուսուցիչներու, կրթական գործի կազմակերպիչներու վերապատրաստում»` Յուլիս 3-30,

3.«Երիտասարդ առաջնորդներու եւ համայնքային գործի կազմակերպիչներ»` Յուլիս 3-16,

4.«Լրագրողներու  վերապատրաստում»` Յուլիս 3-16,

5.«Ազգային երգի ու պարի վարպետութիւն»` Յուլիս 3-16:

«Սփիւռք» ամառնային դպրոց 2016 ծրագիրի բոլոր դասընթացքները կ’իրականացուին հայերէնով:

Մասնակիցին կը տրուի հաւաստագիր, եթէ ան կը կատարէ իր կողմէն ընտրուած գործնական աշխատանքը` ստանալով յանձնաժողովի դրական գնահատականը, ինչպէս նաեւ դասընթացքի ժամանակ չունենալով երեքէ աւելի բացակայութիւն:

Բացի ծրագրուած տեսական ու գործնական դասերէն` կը կազմակերպուին նաեւ մշակութային ձեռնարկներ, այցելութիւններ Հայաստանի պատմական ու տեսարժան վայրեր, հանդիպումներ պետական, հասարակական, մշակութային գործիչներու, հոգեւոր այրերու հետ:

Առաջին անգամ մասնակցող սփիւռքահայերը կ’ապահովուին գիշերակացով (հնարաւոր է 3-6 մարդու համար նախատեսուած հիւրանոցային համարներով):

Այն սփիւռքահայերը, որոնք անցեալին մասնակցած են «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի» դասընթացներուն կրնան անվճար մասնակցիլ ընտրուած դասընթացքին` յաճախելով բոլոր դասերուն, սակայն չապահովուիր անոնց գիշերակացը:

Բնակութեան երկրէն Երեւան եւ հակառակ ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ դասընթացքէն դուրս փոխադրութեան ծախսերը կը հոգան մասնակիցները:

Յայտերը կ’ընդունուին մինչեւ 2016-ի Մայիս 31-ը ելեկտրոնային գրանցման տարբերակով: Անհրաժեշտ է մուտք գործել ծրագիրի պաշտօնական կայքի`www.dss.am  «Դպրոց» բաժինի հինգ դասընթացներէն իւրաքանչիւրի ենթաբաժինին մէջ գտնուող «Գրանցուիլ» մասը.

1. «Հայոց լեզուի արագացուած ուսուցում»

Հայերէն՝ www.dss.am/am

Ռուսերէն՝ www.dss.am/ru

Անգլերէն՝ www.dss.am/en

2. «Հայոց լեզուի և պատմութեան ուսուցիչներու, կրթական գործի կազմակերպիչներուվերապատրաստում»

Հայերէն՝ www.dss.am/am

Ռուսերէն՝ www.dss.am/ru

Անգլերէն՝ www.dss.am/en

3. «Երիտասարդ առաջնորդներու և համայնքային գործի կազմակերպիչներ»

Հայերէն՝ www.dss.am/am

Ռուսերէն՝ www.dss.am/ru

Անգլերէն՝ www.dss.am/en

4. «Լրագրողներու վերապատրաստում»

Հայերէն՝ www.dss.am/am

Ռուսերէն՝ www.dss.am/ru

Անգլերէն՝ www.dss.am/en

5. «Ազգային երգի ու պարի վարպետութիւն»

Հայերէն՝ www.dss.am/am

Ռուսերէն՝ www.dss.am/ru

Անգլերէն՝ www.dss.am/en

Արձանագրուելէ զատ անհրաժեշտ է, որպէսզի արձանագրուողը Ձեր հաստատման ներկայացնէ երաշխաւորագիր, որոնց օրինակները կից առկայ են.

Հայերէն՝ www.clck.ru/9iETu

Ռուսերէն՝ www.clck.ru/9k6Gv

Անգլերէն՝ www.clck.ru/9k6GT

 
ՀՀ, ք. Երեւան,
ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն
Վազգէն Սարգսեան 3
Հեռ.` (+374 60) 50-08-30, (+374 10) 58-56-01 (700)
 
Երեւանի պետական համալսարան
Ալեք Մանուկեան 1, ԵՊՀ 2-րդ մասնաշէնք, 5-րդ յարկ
Հեռ.`(+374 60) 71 00 92