Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհի վերակառուցման աշխատանքները կը շարունակուին 2-րդ փուլով: Ծրագրի իրականացման նպատակաուղղուած են Հեռուստամարաթոն 2013 եւ 2014-ի հանգանակութիւնները: Մեծ ծաւալի ձեռնարկը աւարտին հասցնելու նպատակով միջոցներ յատկացուցած են նաեւ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութիւնները: Ճանապարհի շինարարութիւնը կը շարունակուի Հիմնադրամի ռազմավարական եւ նպատակային ծրագիրներուն զուգահեռ, եւ պիտի աւարտի 2016-ի վերջը: Այս մասին կը յայտնեն «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի մամուլի ծառայութենէն:
Ըստ աղբիւրին, Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհի վերակառուցումը կ՛իրականացուի միաժամանակ հինգ ճանապարհաշինարարական կազմակերպութիւններու կողմէ` 12 տեղամասով: Նախապէս դժուարանցանելի շուրջ 116 քմ. երկարութեամբ ճանապարհը ունի 10 եւ աւելի մեթր լայնութիւն, որմէ 7 մեթրը կը կազմէ ասֆալտապատ երթեւեկելի հատուածը:
Նախորդ տարուան ընթացքին կառուցուած են արհեստական կառուցուածքներ, ներառեալ ջրահեռացման խողովակներ, ափապաշտպան կառոյցներ, յենապատեր ու եզրաքարեր, ինչպէս նաեւ վերանորոգուած են 17 մեծ ու փոքր կամուրջները: Ներկայիս կ՛ընթանան ճանապարհի ասֆալտապատման աշխատանքները: Բնակավայրերով անցնող հատուածներուն` մասնաւորապէս Գետաւանի եւ Եղէգնուտի մէջ, կը կառուցուին մայթեր:
Ասֆալտի որակի ստուգման եւ վերահսկման նպատակով տարբեր տեղամասերէ վերցուած հանքային նիւթերը /խիճ, աւազ, օրգանական կապակցող/, արտադրուած ասֆալտի նմուշները, ինչպէս նաեւ հանուկները պարբերաբար կ՛ուղարկուին տարրալուծական ստուգման:
«Նոյեմբեր 1-ի դրութեամբ ամբողջ ճանապարհի աւելի քան 49քմ.-ը ունի ասֆալտի երկշերտ ծածկոյթ: Մնացած հատուածներուն մէջ կ՛իրականացին ճանապարհի հիմնատակի կառուցման աշխատանքներ: Շուրջօրեայ` միջինը +10 ջերմութեան պայմաններու մէջ ճանապարհի կառուցման աշխատանքները կը շարունակուին: Ձմրան շրջանին պիտի իրականացուին նախապատրաստական աշխատանքներ, մասնաւորապէս խիճի, աւազի, եւ այլ անհրաժեշտ նիւթերու պահեստաւորում, ինչպէս նաեւ ասֆալտպեթոնէ գործարանի եւ ճանապարհաշինարարական մեքենաներու եւ սարքաւորումներու վերանորոգում եւ համալրում` գարնան աշխատանքները վերսկսելու նպատակով: Աւելորդ չէ նշել, որ շինարարութեան ողջ ընթացքին ճանապարհը երթեւեկելի եղած է նաեւ մարդատար մեքենաներու համար:
«Ուղիղ կապ ապահովելով Հայաստանի եւ Արցախի հիւսիսային շրջաններու միջեւ, նոր մայրուղիի գործարկումը ոչ միայն զգալիօրէն պիտի կրճատէ այն ժամանակահատուածը, որ այսօր անհրաժեշտ է Գորիս-Ստեփանակերտ ճանապարհով մէկ հանրապետութենէն միւսը ուղեւորուելու համար, այլ պիտի ամրապնդէ միջհամայնքային կապերը, պիտի նպաստէ յարակից համայնքներու տնտեսական զարգացման, պիտի խթանէ զբօսաշրջութիւնը` աշխուժացնելով մեր երկու հանրապետութիւններու ընկերա-տնտեսական կեանքը: Ճանապարհը հնարաւորութիւն պիտի տայ նաեւ ծանօթանալու մեր պատմամշակութային յուշարձաններուն ու վայելելու հայրենի բնաշխարհի գեղեցկութիւնը:
«Նախորդ տարիներուն ճանապարհի մերձակայ համայնքներուն մէջ իրականացուած են շարք մը ենթակառուցուածքներ. Քարվաճառն եւ Գետաւանը ունին կանոնաւոր ջրամատակարարում, Չափարը, Վերին Յոռաթաղն ու Վաղուհասը` նորակառոյց դպրոցներ, եւ այսօր համայնքային կեդրոններ կը կառուցուին Գետաւան եւ Կոճողուտ գիւղերուն մէջ:
Բարեկարգ մայրուղիի առկայութիւնը հնարաւորութիւն պիտի տայ ոչ միայն կեանքի կոչելու շրջակայ համայնքներու կեանքն ու կենցաղը բարելաւող ընկերաս-տնտեսական ենթակառուցուածքներ, այլեւ զարկ պիտի տայ բիզնես եւ զարգացման ծրագիրներուն` գիւղացիին ապահովելով կայուն եկամտով` փոխելով անոր կեանքի որակը»,- ըսուած է հիմնադրամի մամուլի հաղորդագրութեան մէջ: