Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Ժանը:
Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է հիւրը` նշելով, թէ ուրախ է, որ հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի մէջ` Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան նախարարական համաժողովի 31-րդ նիստին շրջագիծին մէջ: Ֆրանսախօս երկիրներու ղեկավար մարմինի հերթական հանդիպումը Հայաստանի մէջ, հանրապետութեան նախագահին խօսքով, յատուկ նշանակութիւն ունի Հայաստանի համար, եւ մեծ պատիւ ու պատասխանատուութիւն էր հիւրընկալել այդ կարեւորագոյն նախաձեռնութիւնը: Ընդգծելով, որ Հայաստանը Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան աշխուժ անդամ պետութիւններէն է, նախագահ Սերժ Սարգսեան վստահեցուցած է, որ մեր երկիրը հաւատարիմ է ֆրանսախօս երկիրներու ընտանիքը միաւորող արժէքներու խրախուսման իր յանձնառութեան եւ մեծապէս կարեւոր կը նկատէ համագործակցութիւնը Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան, վերջինիս գործընկեր կառոյցներուն եւ Ֆրանսախօս երկիրներու խորհրդարանական վեհաժողովին հետ:
Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը շնորհակալութիւն յայտնած է համաժողովը Հայաստանի մէջ բարձր մակարդակով կազմակերպելու, ինչպէս նաեւ ջերմ հիւրընկալութեան համար եւ ընդգծած, որ համաժողովի օրակարգին ծիրին մէջ քննարկուեցան կարեւորագոյն հարցեր, իսկ Հայաստանի կողմէ առաջադրուած թեման, իբրեւ համաժողովի խորագիր, շատ խորհրդանշական էր, կարեւոր եւ արդիական: Նշելով, որ ֆրանսախօսութիւնը ընդհանուր արժէքներ կրող երկիրներու դաշինք է, ուր Հայաստանը ունի իր առանձնայատուկ եւ կարեւոր տեղը, Միքայէլ Ժան վստահեցուցած է, որ կազմակերպութեան ծիրին մէջ նոր կարելիութիւններ եւ հորիզոններ կը բացուին լայն համագործակցութեան համար: Ըստ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարին, ֆրանսախօսութիւնը ամբողջ աշխարհին մէջ կրցած է հաստատուիլ իբրեւ կարեւոր դերակատար եւ վստահելի գործընկեր, ուստի, անհրաժեշտ է ջանքեր գործադրել կազմակերպութեան մեծ ներուժը լիարժէք կերպով օգտագործելու ուղղութեամբ:
Հանրապետութեան նախագահին հետ հանդիպումին ընթացքին Միքայէլ Ժան ներկայացուցած է իր պատկերացումները Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան հեռանկարին, զարգացման մեծ կարելիութիւններուն եւ այդ հոլովոյթին մէջ Հայաստանի տեղին ու դերին մասին:
Ֆրանսախօս երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու համաժողովը յաջող եւ արդիւնաւէտ բովանդակութեամբ պէտք է որակել` այն փաստաթուղթերով, որոնք ընդունուեցան համաժողովին ընթացքին, ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Ժանի հետ միացեալ զրոյցի մը ընթացքին:
«Ընդունուած են հինգ բանաձեւեր, որոնցմէ երեքը Հայաստանը նախաձեռնած էր, ներառեալ` բանաձեւ մը, որ նուիրուած էր ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման, որ յղում կը կատարէր Ֆրանսախօս երկիրներու ընդհանուր քարտուղարի այս տարուան 24 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով կատարած շատ կարեւոր յայտարարութեան», ըսած է Նալբանդեան:
Արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ նախարարական համաժողովը լաւ հարթակ է նաեւ երկկողմանի հանդիպումներու համար: «Տարբեր երկիրներու իմ գործընկերներս բազմաթիւ, տասնեակ հանդիպումներ ունեցան: Ես նոյնպէս օգտուեցայ այս առիթէն եւ 25 հանդիպումներ ունեցայ: Ստորագրեցինք շարք մը փաստաթուղթեր Ֆրանսախօս երկիրներու անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ: Ասիկա լաւ առիթ էր անգամ մը եւս վերահաստատելու Հայաստանի յանձնառութիւնը` ի պաշտպանութիւն Ֆրանսախօս երկիրներու արժէքներուն, Ֆրանսախօս երկիրներու նպատակներուն», ըսած է Նալբանդեան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը Միքայէլ Ժանին փոխանցեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ոսկիէ մետալը` շնորհակալութիւն յայտնելով համաժողովի կազմակերպման` իր անձնական, նաեւ իր աշխատանքային խումբին եւ քարտուղարութեան աջակցութեան համար: «Մեր համագործակցութիւնը քարտուղարութեան հետ ոչ միայն սերտ է, այլեւ կատարեալ», ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը: