Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Շաբաթավերջին, ինչպէս նաեւ 27էն 28 Սեպտեմբեր լուսցող գիշերը ղարաբաղեան-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծի ամբողջ երկայնքով հակառակորդը շարունակած է խախտել զինադադարը:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ 24-25 Սեպտեմբերին հակառակորդին կողմէ զինադադարը խախտուած է շուրջ 260 անգամ, իսկ 27-28ին՝ 120 անգամ։
Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերուն կողմէ ձեռնարկուած պատասխան գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ հակառակորդին աշխուժութիւնը ճնշուած է:
Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը կը տիրապետեն իրադրութեան եւ կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն, յայտնած են պաշտպանութեան բանակէն։
25 Սեպտեմբերին՝ ժամը շուրջ 17:30ին, ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ թրքական արտադրութեան ԹՐ-107 կայանքներէն հրթիռահրետանային արկակոծման ենթարկուած է պաշտպանութեան բանակի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասը, որուն արդիւնքով բեկորային մահացու վէրք ստացած են պաշտպանութեան բանակի զինուորական ծառայողներ Նորայր Խաչատրեան (ծնած՝ 1995ին), Ռոպերթ Մկրտչեան (ծնած՝ 1995ին), Յարութ Յակոբեան (ծնած՝ 1997ին) եւ Կարէն Շահինեան (ծնած՝ 1997ին): Կան վիրաւորներ:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի մամլոյ ծառայութենէն կը յայտնեն, որ դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինուորական ծառայողներու ընտանիքներու անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:
Զինուորականներուն կողքին 25 Սեպտեմբերին հակառակորդի կրակոցներէն սահմանամերձ Պառաւաքարի մէջ մահացած է 83ամեայ Պայծառ Աղաճանեան, Բերդաւանի մէջ՝ 94ամեայ Շուշան Ասատրեան եւ 41ամեայ Սոնա Ռեւազեան: Բերդաւանի մէջ կայ նաեւ երկու վիրաւոր:
Այս տեղեկութիւնները, ըստ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին՝ փոխանցած է Պառաւաքարի գիւղապետ Ռոլանտ Մարգարեան, ինչպէս նաեւ՝ ոստիկանութեան լրատուական բաժինը:
Կատարուածին մասին յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ նշելով, որ ատրպէյճանական կողմը մնայուն կերպով կը դիմէ սադրիչ գործողութիւններու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած բանակցութիւններու եւ հանդիպումներու նախաշեմին ու միտումնաւոր լարուածութիւն կը ստեղծէ սահմանագօտիին վրայ: Այս բոլորը կրկին անգամ կը վկայեն, որ դրացի պետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը կ՛արհամարհէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած նախաձեռնութիւններն ու պարբերաբար արհեստականօրէն կ՛ապակայունացնէ իրավիճակը շփման գիծին վրայ, հաստատած է հաղորդագրութիւնը։
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը այլ հաղորդագրութեամբ մը դիտել տուած է, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ միջազգային կառոյցներու ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ այն հանգամանքին վրայ, որ զինադադարի դրոյթի խախտման ընթացքին ատրպէյճանական կողմէ հրետանիի կիրարկումը շփման գիծին վրայ նոր իրադրութիւն կը ստեղծէ, ինչ որ լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններու անցման հերթական քայլն է:
Տագնապի խաղաղ լուծման քաղաքական հոլովոյթին աջակցելու նպատակով մինչեւ հիմա Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու զուսպ պահուածքը, ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն եւ միջազգային կառոյցներուն արձագանգը որեւէ ձեւով չեն ազդեր հակառակորդին վրայ զինադադարի դրոյթի պահպանման հարցին մէջ, դեռ աւելին՝ անոր մօտ կը ստեղծեն անոր զինուած ուժերու գերազանցութեան պատրանք՝ հրահրելով անպատժելիութեան մթնոլորտի մը մէջ դիմելու նորանոր արկածախնդրութիւններու:
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ հակառակորդին կողմէ իրադրութեան հետեւողական լարումը, որ պարբերաբար կը յանգեցնէ մարդկային կորուստներու, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութեան անհասցէ քննադատութիւնը եւ մտահոգութիւնները անընդունելի են:
Ուստի հակառակորդը լռեցնելու, անոր գործողութիւնները կանխարգիլելու եւ այսպիսով իսկ բանակցային հոլովոյթին աջակցելու նպատակով Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերուն կողմէ այսուհետեւ պիտի օգտագործուին հրետանային եւ հրթիռային խոցման համարժէք միջոցներ՝ մնայուն խոցման տակ պահելով ատրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումներուն տեղակայման վայրերը, բոլոր զօրաշարժերը, զինուորական սարքաւորումներն ու կենդանի ուժը, նշուած է յայտարարութեան մէջ։