Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

«Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ` Պաքուի մէջ ընթացող աշխարհի  գաւաթի խաղարկութեան առաջին մրցափուլին Արոնեանի մրցակիցը Միքայէլ Վիտենկելլերն էր Լիւքսեմպուրկէն:

Մօտ երեք ժամ երկարած խաղը վերջ գտաւ 33-րդ քայլին, եւ Արոնեան ստիպեց մրցակիցին յանձնուելու:

Աշխարհի գաւաթի խաղարկութեան կը մասնակցի են 128 շախմատիստներ: Իւրաքանչիւր մրցամարտի ժամանակ կողմերը պիտի խաղան 2 խաղ` մէկական սպիտակ եւ սեւ գոյներով:

Հաւասար` 1:1 հաշիւի պարագային, տեղի պիտի ունենայ լրացուցիչ խաղեր արդէն արագ եւ, անհրաժեշտութեան պարագային, նաեւ կայծակնային խաղի կանոններով` մինչեւ որոշուի յաղթողը:

Պայքարը կ'ընթանայ նոկաութ համակարգով. պարտուողը դուրս կը մնայ յետագայ խաղէն: