Աղբիւր՝ www.asbarez.com
23-ամեայ Արթուր Ալեքսանեան երկրորդ տարին ըլլալով անընդմէջ հռչակուեցաւ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեան:
Լաս Վեկասի մէջ մեկնարկած աշխարհի ախոյեանութեան 98 քիլոկրամ դասակարգի մրցումին գիւմրեցի ըմբիշը 3:0 արդիւնքով յաղթեց 2012ի Լոնտոնի ողիմպիական խաղերու ախոյեան Ղասեմ Ռեզայիին, որուն պարտութեան մատնած էր նաեւ նախորդ տարի:
Ախոյեանութեան առաջին օրը պայքարի մէջ մտած էին նաեւ 66 քկ. ծանրութեան Միհրան Յարութիւնեանը եւ 75 քկ. ծանրութեան դասակարգէն աշխարհի ախոյեան Արսէն æուլֆալակեանը, որոնք պարտուեցան պրոնզէ մետալի համար գօտեմարտերուն:
Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականի կազմին մէջ Միացեալ Նահանգներու մէջ պիտի մրցին նաեւ Ռոման Ամոյեան (59 քկ.), Վարշամ Բորանեան (71 քկ.), Էդուարդ Սարգսեան (80 քկ.), Մաքսիմ Մանուկեան (85 քկ.) եւ Էդգար Խաչատրեան (125 քկ.):