Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com

 

2 սեպտեմբերի երեկոյեան Երեւան հասած է Ֆրանսայի խորհրդարանի ընկերվարական խմբակցութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ խմբակցութեան ղեկավար Պրիւնօ Լը Ռուի:

Մինչեւ 6 սեպտեմբեր տեւելիք այցելութեան նախաձեռնած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը (Արեւմտեան Եւրոպայի, Հայաստանի եւ Արցախի կառոյցներ): Պատուիրակութեան կ՛ընկերակցին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի, Հայ դատի գրասենեակի եւ ՀՅԴ «Նոր Սերունդ»  երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչները:

Այցելութեան նպատակն է Արցախի մէջ ծանօթանալ իրավիճակին, կապ հաստատել Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արցախի կառոյցին եւ ընդհանրապէս հասարակութեան տարբեր խումբերու հետ:

Հայաստանի մէջ պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցած է  Հայաստանի նախագահին, Ազգային ժողովի նախագահին հետ եւ պիտի այցելէ Ծիծեռնակաբերդ:

Ֆրանսական պատուիրակութեան պաշտօնական հանդիպումներուն մասնակցած են նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Մուրատ Փափազեան եւ Կիրօ Մանոյեան:

Պրիւնօ Լը Ռուի գլխաւորութեամբ Ֆրանսայի խորհրդարանական նման պատուիրակութիւն մը Հայաստան այցելած էր սեպտեմբեր 2014-ին, Դաշնակցութեան հրաւէրով, նշելու համար ընկերվարական կուսակցութեան առաջնորդ, հայկական իրաւունքներու պաշտպան քաղաքական գործիչ Ժան Ժորեսի մահուան 100-րդ տարելիցը:

 

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 3 սեպտեմբերին ընդունած է Ֆրանսայի խորհրդարանի ընկերվարական խմբակցութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ խմբակցութեան ղեկավար Պրիւնօ Լը Ռուի. պատուիրակութիւնը Հայաստան կ՛այցելէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ:

Նախագահը ողջունած է հիւրերը եւ նշած, որ ուրախութեամբ կրկին կը հիւրընկալէ տարի մը առաջ Երեւան այցելած Լը Ռուն եւ Ֆրանսայի խորհրդարանականները, ուրախ է նաեւ պատուիրակութեան կազմին մէջ տեսնելու առաջին անգամն ըլլալով Հայաստան այցելող երեսփոխաններ:

Հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները երկուստեք կարեւոր նկատած են տարբեր մակարդակի յաճախակի փոխադարձ այցելութիւններն ու կապերը, որոնք, ըստ անոնց, աւելի կ՛ամրապնդեն հայ-ֆրանսական բարեկամութիւնն ու լայն կարելիութիւն կու տան տեղւոյն վրայ անմիջական մթնոլորտի մէջ քննարկելու երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերը: «Ֆրանսայի պարագային  այսպիսի հանդիպումներ դարձած են աւանդական. վերջին մէկ տարուան ընթացքին խորհրդարանական երեք մեծ պատուիրակութիւններ այցելած են Հայաստան եւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղ: Ընդհանրապէս, վերջին տարիներուն հայ-ֆրանսական առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւնները նոր որակ ստացած են` նշանաւորուելով երկկողմանի կապերու վերընթաց զարգացմամբ բոլոր մարզերուն մէջ», գոհունակութեամբ նշած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Հանդիպումին մասնակիցները համակարծիք եղած են այն մասին, որ միջպետական յարաբերութիւններու ամրապնդման կարեւորագոյն բաղկացուցիչ է միջխորհրդարանական համագործակցութիւնը, որուն զարգացման մէջ իրենց մեծ աւանդը ունին երկու երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ ձեւաւորուած հայ-ֆրանսական բարեկամութեան խումբերը:

Երեսփոխան Պրիւնօ Լը Ռուն նախագահ Սերժ Սարգսեանին փոխանցած է Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի ջերմ ողջոյնները: Ան նաեւ գոհունակութեամբ նշած է, որ տարբեր մակարդակներու վրայ յաճախակի դարձած երկկողմանի հանդիպումները մնայուն կերպով ուշադրութիւն կը գրաւեն իրենց արդիւնաւէտութեամբ` հանդիպումէ հանդիպում նախանշելով համագործակցութեան նոր եզրեր:

Ֆրանսացի երեսփոխանները կարեւոր նկատած են նաեւ այցելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղ եւ շեշտած, որ ըլլալով խորհրդարանականներ, իրենց առաքելութիւնն ու անմիջական պարտականութիւնը կը նկատեն տեղւոյն վրայ ծանօթանալ իրավիճակին, կապ հաստատել մարդոց հետ եւ այդ բոլորին լոյսին տակ կազմել իրենց պատկերացումները, տեսածն ու լսածը փոխանցել նաեւ պաշտօնակիցներուն: Ըստ անոնց, Ֆրանսան շահագրգռուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման համար շարունակուին երկխօսութիւնն ու խաղաղութեան հաստատման ուղղուած գործընթացը` հաստատելով, որ Լեռնային Ղարաբաղ իրենց այցելութիւնները եւս այդ նպատակին կը ծառայեն:

Հանդիպման ընթացքին հիւրերը Հայաստանի նախագահէն խնդրած են հակիրճ կերպով ներկայացնել Հայաստանի սահմանադրական բարեփոխումներուն գործընթացն ու այդ բարեփոխումներուն նպատակը: Պրիւնօ Լը Ռու ընդգծած է, որ, իր համոզումով, որեւէ կառուցակարգային փոփոխութիւն, որ կը միտի կառավարման լաւագոյն տարբերակին եւ կ՛արժանանայ երկրի քաղաքացիներուն համաձայնութեան, միայն ողջունելի է, եւ եթէ պետութիւնը որեւէ  ժամանակ կ՛ընթանայ կառավարման համակարգի բարելաւման ուղղութեամբ, ատիկա կը վկայէ պետութեան քաղաքական հասունութեան մասին:

 

ԳԱԼՈՒՍՏ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԸՆԿԵՐՎԱՐԱԿԱՆ ԽՄԲԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան 3 սեպտեմբերին ընդունած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան խորհրդարանի ընկերվարական խմբակցութեան ղեկավար Պրիւնօ Լը Ռուի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Ողջունելով պատուիրակութեան անդամները` Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը նշած է, որ նախորդ այցելութենէն անցած է մէկ տարի, եւ այդ ընթացքին հայ-ֆրանսական միջխորհրդարանական յարաբերութիւնները աւելի խորացած են: Անդրադառնալով հայ-ֆրանսական միջպետական յարաբերութիւններու խորացման` Գալուստ Սահակեան կարեւոր նկատած է երկու երկիրներու ղեկավարներուն փոխադարձ այցելութիւնները, անոնց կարգին` 24 ապրիլ 2015-ին Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի գլխաւորած պաշտօնական պատուիրակութեան այցելութիւնը Հայաստան: Խօսելով Ֆրանսա կատարած իր այցելութեան մասին` Ազգային ժողովի նախագահը վերահաստատած է իր հրաւէրը Ֆրանսայի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Քլոտ Պարթոլոնին:

Ազգային ժողովի նախագահը, բարձր գնահատելով բարեկամութեան խումբերուն ծաւալած արդիւնաւէտ գործունէութիւնը, ընդգծած է բարեկամական խումբերու ղեկավարներու մեծ ներդրումը բարեկամ երկիրներու միջխորհրդարանական յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ:

Անդրադառնալով Ազրպէյճանի` անհանգստութեան տեղիք տուող, անհանդուժող պահուածքին` Գալուստ Սահակեան նշած է, թէ  անհրաժեշտ է, որ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը իրական քայլերու ձեռնարկէ այդ երկրին յանդուգն, ոչ ժողովրդավար գործելակերպը կանխելու համար:

Իր երախտագիտութեան խօսքը ուղղելով Պրիւնօ Լը Ռուին, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի ջատագովներէն է, Ազգային ժողովի նախագահը յոյս յայտնած է, որ Ֆրանսայի խորհրդարանը հետեւողական ըլլայ նոր օրինագիծի ներկայացման եւ ընդունման հարցին մէջ:

Անդրադառնալով պատուիրակութեան Ղարաբաղ այցելութեան` Գալուստ Սահակեան նշած է, որ կարեւոր կը նկատէ իւրաքանչիւր նման այցելութիւն, որովհետեւ Լեռնային Ղարաբաղ այցելող իւրաքանչիւր պատուիրակութիւն կամ անձ առիթը ունի ականատես ըլլալու ազատ ապրելու իրաւունքը նուաճած, անկախութեան համար մարտնչած ժողովուրդի կենսակերպին: Ազգային ժողովի նախագահին խօսքով` անկախ ճանչցուած կամ չճանչցուած ըլլալու հանգամանքէն, Արցախի ժողովուրդը նուաճած է ազատ ապրելու իր իրաւունքը եւ պէտք չէ անտեսուած ըլլայ միջազգային հանրութեան կողմէ:

Ֆրանսայի Հանրապետութեան խորհրդարանի ընկերվարական խմբակցութեան պատուիրակութեան ղեկավար Պրիւնօ Լը Ռուն, շնորհակալութիւն յայտնելով Ազգային ժողովի նախագահին ընդունելութեան համար, նշած է, որ Ֆրանսա-Հայաստան յարաբերութիւնները աւելի հզօրացած են: Կարեւոր նկատելով Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի այցելութիւնը Հայաստան 24 ապրիլ 2015-ին` Պրիւնօ Լը Ռու փաստած է, որ իր երկրի նախագահը հետեւողականօրէն վերահաստատած է Ֆրանսայի յանձնառութիւնը Ցեղասպանութեան դատապարտման հարցին մէջ:

Անդրադառնալով պատուիրակութեան այցելութեան Լեռնային Ղարաբաղ` պատուիրակութեան ղեկավարը նշած է, որ իրենց նպատակն է կապուիլ արցախցիներուն հետ եւ վերահաստատել այն միտքը, որ այնտեղ ապրող ժողովուրդը իրաւունք ունի խաղաղ ապրելու: Պրիւնօ Լը Ռու նշած է, որ պատուիրակութեան անդամները տեղեակ են հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տիրող իրավիճակէն եւ փաստած, որ միջազգային հանրութեան համար անընդունելի են զինադադարի դրութեան խախտումները:

Խօսելով Հայաստան եւ Արցախ այցելութեան մասին` ան նշած է, որ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի մէջ պէտք է կարեւոր նկատուին  ժողովրդավարութիւնը, մարդու իրաւունքները, հիմնարար ազատութիւնները` ի տարբերութիւն դրացի երկրին, ուր ժողովրդավարութիւնը կը կաղայ:

Անդրադառնալով Ֆրանսա-Հայաստան յարաբերութիւններուն` Պրիւնօ Լը Ռու փաստած է, որ պէտք է խորացնել զանոնք բարեկամ երկիրներու խորհրդարաններու մնայուն յանձնախումբերու  մակարդակով:

 

ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՍՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՆՇԱՆ ԵՆ

3 սեպտեմբերին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ լրագրողներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին, Պրիւնօ Լը Ռու նշեց, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ քննարկած են Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք սահմանադրական փոփոխութիւններուն գործընթացը:

«Այսօր անձամբ զրուցած եմ Հայաստանի նախագահին հետ սահմանադրական բարեփոխումներուն շուրջ, եւ ասիկա ինծի համար մեծ պատիւ է` քննարկել նման կարեւոր խնդիր նախագահին հետ: Ձեռնպահ կը մնամ որակումներ տալու առումով, բայց ես նախագահ Սարգսեանին ըսի, որ քաղաքական հասունութեան նշան է, որ ձեր երկիրը կը ձեռնարկէ նման բարեփոխումներու: Նոյնիսկ Ֆրանսայի նման երկրի մը մէջ դժուար է նման բարեփոխումներ իրականացնել, որովհետեւ անհրաժեշտ է աւելի լայն փոխհամաձայնութիւն  քաղաքական ուժերու եւ քաղաքացիական հասարակութեան միջեւ»,  ըսաւ ան:

Պատասխանելով լրագրողներու հարցումին, թէ արդեօ՞ք, իրենց կարծիքով, անհրաժեշտութիւն կայ Հայաստանի մէջ իրականացնելու սահմանադրական փոփոխութիւններ, ֆրանսացի պատգամաւորը  ըսաւ. «Ես ուշադրութեամբ կը հետեւիմ սահմանադրական բարեփոխումներու գործընթացին, դժուար է յաջողցնել այդ գործընթացը, բայց զիս կը  հետաքրքրէ ոչ թէ էութիւնը, այլ գործընթացը: Եթէ գործընթացը մինչեւ վերջ երթայ, ապա պիտի ստեղծէ փոխհամաձայնութիւն քաղաքական ուժերուն եւ հանրային կարծիքին միջեւ»:

Ֆրանսական պատուիրակութեան ուղեկցող ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը ունեցած է իր մասնակցութիւնը սահմանադրական փոփոխութիւններու գործընթացին մէջ, որովհետեւ, սկսած 1995-էն, Դաշնակցութիւնը մշտապէս բարձրաձայնած է խորհրդարանական կառավարման համակարգին ու 100 տոկոս համամասնական ընտրակարգին կողմ ըլլալուն մասին:

«Այո՛, ճիշդ պահն է հիմա իրականացնելու սահմանադրական փոփոխութիւններ, որովհետեւ Հայաստանի մէջ պէտք է տեղի ունենան ընտրութիւններ, որոնք մէկ քայլ առջեւ կը տանին Հայաստանը դէպի ժողովրդավարացում: Սփիւռքը եւս կը հետեւի այս գործընթացին: Եւ եթէ  սահմանադրական փոփոխութիւնները հանրաքուէով հաստատուին, ապա այդ մէկը կը նշանակէ արդիականացում, մէկ քայլ յառաջ, որովհետեւ սփիւռքը կ՛ապրի այդպիսի արդիականացուած համակարգի մը մէջ եւ կը սպասէ սահմանադրական փոփոխութիւններուն», ըսած է  Փափազեան:

 

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՑԱԽ ԱՅՑԵԼԱԾ Է

Արցախ հասած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան խորհրդարանի ընկերվարական խմբակցութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ խմբակցութեան ղեկավար Պրիւնօ Լը Ռուի:

Պատուիրակութիւնը դիմաւորած են ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Ալիոշա Գաբրիէլեան:

Ֆրանսայի պատուիրակութեան հետ Արցախ հասած են եւ պաշտօնական հանդիպումներուն մասնակցած են ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Մուրատ Փափազեան եւ Կիրօ Մանոյեան:

 

ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅ ԷԻՆ «ՎԱՐԱՆԴԱ»-Ի ՀԱՄԵՐԳԻՆ

3 սեպտեմբերին Ստեփանակերտի երիտասարդութեան պալատին մէջ  տեղի ունեցաւ Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբին համերգը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:

Համերգին ներկայ էին Ֆրանսայի Հանրապետութեան խորհրդարանի  ընկերվարական խմբակցութեան պատուիրակութիւնը, ընկերակցող ՀՅԴ-ի պատուիրակութիւնը եւ  պաշտօնատար այլ անձինք:

Երգչախումբին կատարողութեամբ հանդիսատեսը ունկնդրեց Կոմիտաս, Արեգ Լուսինեան, Ռոպերթ Պետրոսեան եւ այլն: