Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 24ամեակի տօնական նախաձեռնութիւնները Արցախի մէջ ընթացք առած են առաւօտ կանուխ։ Ստեփանակերտի փողոցներուն մէջ պաշտպանութեան բանակի զինուորներ տողանցք կատարած են։
Մարդիկ ուղղուած են Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ուր ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ զետեղած են յաղթանակը խորհրդանշող յուշաքարի պատուանդանին առջեւ:
Աշխատանքային այցելութեամբ Արցախ գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի, նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեանի, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի, վարչապետ Արա Յարութիւնեանի, Արցախի ու Հայաստանի բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներու հետ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն հետիոտն ուղղուած են յուշահամալիր:
Հայկական երկու պետութիւններու բարձագոյն ղեկավարները ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ զետեղած են քաղաքային յուշահամալիրին մէջ եւ անոր կից գտնուող Արցախեան ազատամարտին ընթացքին զոհուած ազատամարտիկներու շիրիմներուն վրայ: Այնուհետեւ տեղի ունեցած է պաշտպանութեան բանակի պատուոյ պահակախումբի հանդիսաւոր տողանցքը: Նշենք, որ Արցախի բոլոր շրջաններուն մէջ եւս կազմակերպուած են բազմաթիւ եւ բազմազան ձեռնարկներ, իսկ երեկոյեան Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ կայացած է տօնական համերգ եւ հրավարութիւն: