Աղբիւր՝ www.asbarez.com
«Փրայմ Հելթքեր Սըրուիսըզ» առողջապահական ընկերութիւնը, որուն հիւանդանոցային գործողութեանց գծով տնօրէնը Մայք Սարեանն է, իր «Փրայմ Հելթքեր Մենեճմընթ» բաժանմունքին միջոցաւ եւ գործակցութեամբ Միացեալ հայկական հիմնադրամին, Հայաստան պիտի փոխադրէ 1.8 միլիոն տոլար արժող առողջապահական սարքաւորումներ, որոնք պիտի բաժնուին Հայաստան եւ Արցախ գտնուող շարք մը հիւանդանոցներու։
Նուիրուած հարիւրաւոր սարքաւորումներուն մէջ կան շտապ օգնութեան սենեակներու յատուկ անկողիններ, թմրեցման յատուկ սարքաւորումներ, վիրաբուժական սեղաններ ու վիրաբուժական խոշորացոյցներ՝ կենսական այլ գործիքներու կողքին։
«Այս մէկը մեր կողմէ գլխաւոր երկրորդ նուիրատուութիւնն է որ կը կատարենք Հայաստանին եւ Արցախին։ Անցեալ տարի, երկու միլիոն տոլար արժող բժշկական սարքաւորումներ տրամադրեցինք Հայաստանի առողջապահական նախարարութեան՝ մեր կատարած նուիրատուութեանց ընդհանուր գումարը հասցնելով գրեթէ 4 միլիոն տոլարի։ Ուրախ ենք, որ այս ճամբով կրնանք զօրակցիլ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին», կը յայտնէ Մայք Սարեան։
Վերջերս Լոս Անճելըս այցելած Հայաստանի առողջապահական նախարար տոքթ. Արմէն Մուրատեան հանդիպում մը ունեցած էր Մայք Սարեանի եւ Միացեալ հայկական միացեալ հիմնադրամի նախագահ Յարութ Սասունեանի հետ, անձամբ ընտրելու համար ուղարկուելիք սարքերը։ Նախարարը այս սարքերը բաժնելու նպատակով յատուկ յանձնախումբ մը կազմած է։
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ եւ Հայաստանի հայութեան մատուցած իր սպասարկութիւններուն շնորհիւ, Մայք Սարեան այս տարի արժանացաւ հեղինակաւոր «Էլիս Այլընտ» պատուոյ շքանշանին:
Յայտնենք, թէ Միացեալ հայկական միացեալ հիմնադրամը համատեղ նախաձեռնութիւնն է՝ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան, Հայ Օգնութեան Միութեան, Ամերիկայի Հայաստանեայց եկեղեցւոյ առաջնորդարանին եւ Ամերիկայի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդարանին։