Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

«Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամը եւ Ախալքալաքի «Բաց սահմաններ» հասարակական կազմակերպութիւնը` ԵՀԽ հայաստանեան Կլոր սեղան հիմնադրամի, ՀՀ սփորթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան եւ «Արմսուիսբանկ» (հայ-զուիցերիական դրամատուն) ՓԲԸ համատեղ ֆինանսաւորումով 2015 թ. Օգոստոս 17-Սեպտեմբեր 10-ը կ'իրականացնեն «Յանուն խաղաղ հարեւանութեան» կրաֆիդիի փառատօն ծրագիրը:

Ծրագիրին նպատակն է նպաստել Հայաստանի եւ Վրաստանի երիտասարդներու միջեւ փորձի փոխանակման, Ջաւախքի հոգեւոր-մշակութային կեանքի, ինչպէս նաեւ հայ-վրացական երիտասարդական համագործակցութեան բարելաւման:

Ծրագիրին ծիրէն ներս Հայաստանէն ու Վրաստանէն ընտրուած շուրջ 20 մասնագէտներ Օգոստոս 31-էն շուրջ 10 օր պիտի մնան Ախալքալաք եւ Նինոծմինդա, պիտի մասնակցին միօրեայ դասընթացի, պիտի մշակեն թեմատիկ էսքիզներ եւ անոնց համապատասխան երկու քաղաքներու շէնք-շինութիւններու վրայ պիտի պատկերեն անուանի գրողներու, արուեստագէտներու դիմապատկերներ, խաղաղութեան եւ բարեկամութեան խորհրդանիշ հանդիսացող այլ պատկերներ, իսկ ծրագիրի աւարտին անոնց մասնակցութեամբ տեղի պիտի ունենայ ամփոփիչ սեմինար: Ընտրուած մասնակիցներուն պիտի միանան շուրջ 100 երիտասարդներ տեղի երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոններէն, գեղարուեստի եւ հանրակրթական դպրոցներէն:

«Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամը կ՝ընդունի յայտեր երիտասարդ կրաֆիդիստներէ, նկարիչներէ եւ գեղարուեստի ոլորտի մէջ մասնագիտացած այլ անձերէ:

Ծրագիրի գործընկերներն են ՀԱԷ Ջաւախքի Ընդհանուր Առաջանորդական Փոխանորդութիւնը, Ախալքալաքի «Բաց սահմաններ» հասարակական կազմակերպութիւնը, Ախալքալաք, Ախալցխա եւ Նինոծմինդա քաղաքներու երիտասարդական կեդրոնները, Նինոծմինդա քաղաքի «Ռաֆայէլ Ջաւախ» կրթամշակութային կեդրոնը, «Սփիւռքահայ ուսանողներու խորհուրդ» ՈւՀԿ-ն:

Յայտերու ընդունման վերջնաժամկէտը մինչեւ 2015 թ. Օգոստոս 24-ն է:

 
«Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամի գործադիր վարչութիւն