Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Համահայկական 6րդ խաղերու պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 2 Օգոստոսին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ:
2-13 Օգոստոս 6215 մարզիկներ պիտի պայքարին իրենց քաղաքներուն ապահովելու համար մետալներ:
Բացման արարողութեան յայտագիրի իբրեւ բաժին՝ պարերու եւ երաժշտութեան ուղեկցութեամբ, բեմականացուեցաւ հայ ժողովուրդի պատմական ընթացքը՝ դարերու ընդմէջէն:
Համահայկական խաղերուն ընթացքին, Հայկեան երթի բեմականացումը չէր կրնար անտեսել հայ ժողովուրդին պատուհաս եղած դաժանագոյն փորձութիւնը՝ Ցեղասպանութիւնը, որուն 100ամեակը տարելիցը կը նշենք այս տարի: Համահայկական 6րդ խաղերուն բացման հանդիսութիւնը իւրայատուկ տօնի վերածուեցաւ Հայաստանի մէջ:
Ապա, մարզադաշտ բերուեցաւ Հայաստանի հանրապետութեան դրօշը: Մարզադաշտ մտան համահայկական 6րդ խաղերուն մասնակցող պատուիրակութիւնները:
Մարզադաշտը ցնծաց, երբ յայտարարուեցաւ, որ ամէնէն մեծ պատուիրակութիւնը եկած է Արեւմտեան Հայաստանէն՝ 881 հոգի:
Նշենք, որ մարզական շքերթի բացման պատիւը տրուած էր Արցախին:
Համահայկական խաղերու բացման արարողութեան ընթացքին, Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի ներկայացուցիչ Շողիկ Աւետիսեան մարզիկներուն անունով երդում տուաւ, որ մրցումներուն պիտի մասնակցին՝ յարգելով մարզական օրէնքները: