Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Յատկացումներու յանձնաժողովը Հինգշաբթի, 9 Յուլիսին, ձայնակցելով ծերակուտական Մարք Քըրքին (հանրապետական, Իլինոյէն)՝ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց շարունակելու ուղղակի Արցախի քաղաքացիներուն տրուող մարդասիրական օժանդակութիւնը: 1998էն ի վեր տրուող այս տարեկան աջակցութիւնը կը վայելէ յանձնաժողովի թէ՛ հանրապետական եւ թէ դեմոկրատ անդամներուն:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեան այս առթիւ երախտագիտութիւն յայտնեց ծերակուտական Մարք Քըրքին Արցախին օգնելու ծրագիրին իր կարեւոր նպաստին համար:

«Օգնութեան այս ծրագիրը մարդասիրական անհրաժեշտ օգնութիւն կը հասցնէ Արցախին, Ամերիկայի զօրակցութեան ուժեղ դրսեւորում մը հանդիսանալով անոր քաղաքացիներուն հանդէպ: Մենք մեծապէս կը գնահատենք ծերակուտական Մարք Քըրքի համագործակցութիւնը յանձնաժողովի ատենապետ Կրահամի հետ՝ այս կենսական ծրագրի հաստատման ուղղութեամբ», յայտարարեց Խաչիկեան:

Յանձնաժողովի որդեգրած զեկոյցը, որ կցուած է 2016ի պետական-արտաքին յատկացումներու օրինագիծին, կ՛ընդգծէ հետեւեալը. «Յանձնաժողովը կը յանձնարարէ օգնութիւն տալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան զոհերուն, այն չափով, որ կը համապատասխանէ անցեալ տարիներու օժանդակութեան: Յանձնաժողովը նաեւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ հակամարտութեան խաղաղ լուծման ուղղութեամբ տարուող ճիգերուն:

Յանձնաժողովը նաեւ կարեւոր կը նկատէ ականազերծման աշխատանքներու շարունակութիւնը եւ ընդունելի չի համարեր այն արգելքները, որոնք դրուած են որոշ շրջաններու ականազերծման դէմ:

Յանձնաժողովը յանձնարարած է Հայաստանին տալ 20.06 միլիոն տոլարի տնտեսական օգնութիւն, 1.7 միլիոն տոլարի սպառազինութեան աջակցութիւն, եւ 600 հազար տոլար ռազմական կրթութեան ծրագիրներու համար: Ատրպէյճանին համար յանձնարարուած գումարը 8.778 միլիոն տոլար է, իսկ Վրաստանինը՝ 54 միլիոն տոլար:

Յանձնաժողովը իր մտահոգութիւնը յայտնած է Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւանց խախտումներուն վերաբերեալ: