Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Ընթացիկ տարուան Յունուար-Յունիս ամիսներուն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն այցելած է 5286 զբօսաշրջիկ, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 4353-ի փոխարէն:
Այս մասին «Արցախփրէս»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ըսած է ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Անի Սարգսեան:
«Այս տարի Արցախի նկատմամբ արտասահմանցի լրագրողներու հետաքրքրութիւնը աննախադէպ է. առաջին վեց ամիսներու տուեալներով ԼՂՀ ԱԳՆ տեղեկատուութեան ու հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան մէջ լրագրողական հաւատարմագիր ստացած է 100 արտասահմանցի լրագրող, մինչդեռ նախորդ տարի նոյն ժամանակահատուածին` 23»,-նշած է Ա. Սարգսեան: