Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

ՀՀ Ազգային արխիւը 2015 թուականի աշնան կը հրատարակէ «Հայ եկեղեցւոյ կալուածքները Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ» օսմաներէն եւ հայերէն աշխատութիւնը, ուր ամփոփուած են Էջմիածինի, Կիլիկիոյ, Կոստանդնուպոլսոյ եւ Երուսաղէմի կաթողիկոսութիւններուն պատկանող եւ Թուրքիոյ տարածքին գտնուող գոյքի իրաւական փաստաթուղթերը: «Արմէնփրես»­ի փոխանցմամբ` այս մասին Յուլիս 8-­ին հրաւիրուած ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրապեան: Աշխատութիւնը յետագային պիտի թարգմանուի նաեւ անգլերէն: «Կան նաեւ սեփականութեան վկայականներ, որոնք ժամանակին տրուել են Օսմանեան Թուրքիայում եկեղեցապատկան հողերի եւ կալուածքների համար»,- ըսած է Ա. Վիրապեան:

Ազգային արխիւի տնօրէնը կարեւոր համարած է փաստաթուղթերու հրատարակման արդիականութիւնը Մեծի տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսի առաջնորդութեամբ Թուրքիայի Սահմանադրական դատարան ներկայացուած հայցի ծիրէն ներս, որմով կը պահանջեն օրինական տէրերուն վերադարձնել Սիսի կաթողիկոսարանը:

Վիրապեանի խօսքով` կը շարունկաուի ախիւային փաստաթուղթերու թուայնացման գործընթացը, որ սկսած է 2010 թուականէն: «Այս տարի թուայնացուել է մօտ 100 հազար փաստաթուղթ, իսկ ընդհանուր` մօտ 1 մլն: Իսկ արխիւում պահուող նիւթերի քանակը շուրջ 350 մլն է»,- նշած է բանախօսը` աւելցնելով, որ առաջնահերթ ուշադրութիւն կը դարձուի մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացնող փաստաթուղթերուն, որոնք են մարդահամարներու տուեալները, մարդոց ծագման, տոհմածառերու մասին նիւթերը, եկեղեցւոյ չափաբերական մատեանները` ծնունդ, կնունք:

Սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ միւռոնի եփման արարողութիւնը, որուն առիթով պիտի հրապարակուին նաեւ Ազգային արխիւին մէջ պահուող բոլոր փաստաթուղթերը, որոնք կը  վերաբերին Հայոց եկեղեցւոյ այդ գլխաւոր արարողութեան:

Միւռոնօրհնութեան օրը հին շրջանին տեղի կ՝ունենար Աւագ Հինգշաբթի: Վերջին 2­3 դարերուն՝ այժմեան խմբագրութեամբ կանոնակարգուած «Մաշտոցները» կը հրահանգեն օրհնութիւնը կատարել Աւագ Հինգշաբթի, Հոգեգալստեան տօնին կամ ալ պատշաճ որեւէ այլ օր մը: Հաշուի առնելով, որ օրհնութեան ժամանակ տարբեր կողմերէ մեծաթիւ ուխտաւորներ կու գան եւ նկատի ունենալով Արարատեան դաշտի եղանակային իւրայատկութիւնները եւ համանման շարք մը գործօններ` վերջին հարիւրամեակին Միւռոնի օրհնութիւնը սովորաբար կը կատարուի աշնան: