Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Եւրոպայի խորհրդի խորհրդարանական վեհաժողովի գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մունի ունեցած ելոյթէն ետք անոր հարցեր ուղղած են ԵԽԽՎ պատգամաւորները: Սթրազպուրկի մէջ ատրպէյճանցի պատգամաւոր Սեվինճ Ֆաթալիեւան Պան Քի Մունին հարց ուղղած է կապուած «Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի տարածքի 20 տոկոսի գրաւման, 1 միլիոն փախստականներու, Հայաստանի կողմէ ՄԱԿ-ի բանաձեւերու չկատարման վերաբերեալ»,- կը յայտնէ Panorama.am-ը:

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը ի պատասխանած է, որ մտահոգուած է գրեթէ ամէն օր հրադադարի խախտումներով, երբեմն ճակատագրական ելքերով, լեռնային Ղարաբաղի, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի սահմանին:

«Ես նաեւ անհանգստացած եմ վտանգաւոր հռետորաբանութեամբ բոլոր կողմերէն, որ աւելի կը սրէ լարուածութիւնը երկիրներուն միջեւ: Ես կոչ կ՛ընեմ կողմերուն` գտնել խաղաղ լուծումներ: Որեւէ ռազմական առճակատում կ՛ըլլայ աւերիչ ոչ միայն 2 երկիրներուն համար, այլ՝ ամբողջ տարածաշրջանին: Գիտեմ, որ հարցով կը զբաղին ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները եւ, յոյս ունիմ, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը ու ԵԱՀԿ գլխաւոր քարտուղարը խրախուսեն կողմերը եւ կը ներգրաւեն զանոնք առաւել առարկայական բանակցութիւններու մէջ` գտնելու խնդրի կարգաւորման համար կայուն լուծում»,-ըսած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը:

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման միջազգային յանձնարարութիւն ունեցող ձեւաչափը Մինսկի խումբի համանախագահութիւնն է, եւ կարեւոր է ոչ միայն ձեւական, այլ նաեւ գործնական աջակցութիւն ցուցաբերել եռանախագահներուն կողմէ գործադրուող ջանքերուն` ուղղուած հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման:

Երեւանի մէջ ՆԱԹՕ-ի ԽՎ Rose-Roth սեմինարի ժամանակ ՀՀ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան, անդրադառնալով ղարաբաղեան հակամարտութեան, ըսած է. «Հակամարտութիւնների խաղաղ հանգուցալուծումը առաջնային նշանակութիւն ունի: Միեւնոյն ժամանակ, պէտք է հաշուի առնել, որ իւրաքանչիւր հակամարտութիւն ունի իր առանձնայատկութիւնները, եւ հնարաւոր չէ մէկ ընդհանրական բանաձեւ կիրառել դրանց կարգաւորման նպատակով: Հակամարտութիւնների հանգուցալուծմանն ուղղուած ջանքերը պէտք է ընթանան համաձայնեցուած յատուկ բանակցային ձեւաչափերի շրջանակներում եւ պէտք է զերծ մնալ այնպիսի քայլերից, որոնք կարող են վնասել այդ բանակցային գործընթացները»:

Նախապէս յայտնի դարձաւ, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի hամանախագահները քննարկած են տարուան վերջը Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման հնարաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ կողմերու միջեւ բանակցութիւնները շարունակելու անհրաժեշութիւնը` համակողմանի խաղաղութեան համաձայնագրի հասնելու համար: Ճէյմս Ուորլիք յայտարարեց, որ կը նախատեսուի կազմակերպել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումը. «Համանախագահներուն տարածաշրջան վերջին այցի ժամանակ անոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին հանդիպելու 2015-ին: ԱԳ նախարարներուն հետ միասին մենք կ'աշխատինք կողմերու միջեւ տարաձայնութիւնները նուազեցնելու եւ նախագահներուն հերթական հանդիպման օրակարգը պատրաստելու ուղղութեամբ»,- ըսած է Ուորլիք: