Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Լեռնային Ղարաբաղի ընտրութիւններուն օրը Ատրպէյճան փորձած է ընթացքը խանգարել, սակայն չէ յաջողած։ «Արցախի պաշտպանութեան բանակին յաջողուել է կանխել Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի ընտրութիւնները խանգարելու՝ ադրբեջանական կողմի փորձը», 4 Մայիսին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Մովսէս Յակոբեան:

«Սահմանին այսօրուայ դրութեամբ վիճակն աւելի խաղաղ է: Մենք ունէինք տեղեկութիւն, որ հակառակորդը փորձելու է խանգարել Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի ընտրութիւնները: Պաշտպանութեան բանակը համապատասխան միջոցառումներ է ձեռնարկել, որպէսզի կանխի այդ ոտնձգութիւնները եւ, բարեբախտաբար, դա մեզ յաջողուել է», յայտնած է Մովսէս Յակոբեան: