Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Մեծ Բրիտանիոյ մայրաքաղաքին մէջ Ապրիլ 14-­ին պիտի բացուի Լոնտոնի գիրքի միջազգային տօնավաճառը: Հայաստանի տաղաւարի պաշտօնական բացումը եւս տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 14-­ին: Ինչպէս «Արմէնփրես»­-ին կը տեղեկացնէ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը, բացման արարողութեան պիտի մասնակցին եւրոպացի գրողներ, որոնք մինչ այդ` «Գրական տապան» փառատօնի ծիրէն ներս, եղած են Հայաստան: Գրողները հատուածներ պիտի կարդան Հայաստանի մասին իրենց ստեղծագործութիւններէն:

Տօնավաճառին պիտի ներկայացուին վերջին տարիներուն Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ հրատարակուած գիրքերը` յատուկ շեշտելով օտարալեզու հրատարակութիւնները, որոնց շարքին պիտի ըլլան ինչպէս պետական պատուերով ու աջակցութեամբ, այնպէս ալ մասնաւոր հրատարակչութիւններու նախաձեռնութեամբ հրատարակուած մօտ 300 անուն գիրք` Հայաստանէն եւ արտերկրէն: Առանձին հատուած մը պիտի նուիրուի Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրները արծարծող գրականութեան:

Տաղաւարին մէջ ներկայացուած պիտի ըլլան լոնտոնաբնակ պատմաբան Ռուբէն Գալըչեանի ուսումնասիրութիւնները, ուր կը ներկայացուի Հայաստանը աշխարհի քարտէզներուն մէջ: Տեղի պիտի ունենան շարք մը ձեռնարկներ եւ շնորհանդէսներ, որոնց շարքին` Ճորճ Ճերճեանի «Լուսաբաց մէկ դար անց» գիրքին եւ ֆիլմին ներկայացումը, Նուրիցա Մաթոսեանի «Արշիլ Կորքի, Հրանդ Տինք» խորագիրով ելոյթը, Ճոնաթան Թէյլըրի «Զուարճացնող օտարները» եւ այլ գիրքերու շնորհանդէսներ: Տեղի պիտի ունենայ Վասիլի Կրոսմանի «Հայկական ալպոմ» գիրքին շնորհանդէսը, որ պիտի ներկայացնէ թարգմանիչ Ռոպըրթ Չանտլըրը: Գիրքը կը պատմէ Կրոսմանի` խորհրդային շրջանին Հայաստանի մէջ անցուցած ամիսներուն ստացած տպաւորութիւններուն մասին:

Ապրիլ 15-­ին «Քարլթըն Հաուս Թերաս» ակումբին մէջ տեղի պիտի ունենայ նաեւ Ճեֆրի Ռոպըրթսընի «Անյարմար ցեղասպանութիւն. ո՞ր հիմա կը յիշէ հայերը» գիրքին շնորհանդէսը:

Այս տարի ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան եւ Հայ գրականութեան հիմնադրամի համագործակցութեամբ մեկնարկած է նպատակային թարգմանութիւններուն աջակցելու ծրագիրը, որուն ծիրէն ներս կը նախատեսուի աջակցիլ արտերկրի այն հրատարակչութիւններուն, որոնք պիտի թարգմանեն եւ լոյս ընծայեն Հայոց ցեղասպանութեանը նուիրուած գեղարուեստական եւ հանրամատչելի գրականութիւն:

Լոնտոնի գիրքի միջազգային տօնավաճառի ամբողջ ընթացքին, վերոնշեալ ծրագրի ներկայացման նպատակով շարք մը հանդիպումներ տեղի պիտի ունենան արտերկրի հրատարակչութիւններու հետ: Հայաստանեան պատուիրակութեան կազմին մէջ պիտի ըլլան ՀՀ մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր­ Վարդանեանը, ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Ալվարդ Սերոբեանը, Հայ գրականութեան հիմնադրամի տնօրէն Արեւիկ Աշխարոյեանը եւ հոլանտացի գրող, «Գրական տապան» փառատօնի մասնակից Սերժ վան Տայնհովընը: