Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Ամերիկեան յայտնի Booze Traveler հաղորդաշարի հեղինակ Ճէք Մաքսուելը իր հերթական հաղորդումը պատրաստած է Հայաստանի մասին: Այցելելով իր իսկ բնորոշմամբ «քաղաքակրթութեան օրրան» Հայաստան` Մաքսուելը եղած է Արենիի քարանձաւ` ծանօթանալով գինեգործութեան հայկական հնագոյն աւանդոյթներուն: Այնուհետեւ, աշխարհի ամենաերկարը համարուող Տաթեւեր ճոպանուղիի միջոցով հասնելով Տաթեւի վանք` ան իւրօրինակ անցում կը կատարէ «21-րդ դարու աշխարհէն դեպի ետեւ` դէպի հին աշխարհ»:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէփրես»ը, հաղորդաշարին հեղինակը կը խօսի հայերու համար խորհրդանիշ դարձած հայկական Արարատ լերան մասին, որուն գագաթին կանգնած է Նոյի տապանը:
Ծաղկունք գիւղին մէջ ան կը տեսնէ, թէ ինչպէս կը պատրաստուի հայկական խաշը` բնականաբար վերջաւորութեան համտեսելով զայն: Հեղինակին ուշադրութենէն չեն վրիպիր նաեւ հայկական քոնեակը ու անոր պատրաստման հայկական աւանդոյթները:
Մաքսուելի բացայայտումները կը շարունակուին արդէն մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, ուր ան կը համտեսէ տարատեսակ հայկական քոքթէլներ, ներկայ կ'ըլլայ հայկական հարսանիքի եւ կը պարէ անոր ժամանակ: