Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

12 յունուարի առաւօտուն Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած ահաւոր սպանդ մը ցնցեց ամբողջ Հայաստանը՝ 7 հոգինոց ընտանիքէն վեցին սպանութեամբ եւ նորածինի մը ծանրօրէն վիրաւորումով։ Արդարեւ, Մեասնիկեան փողոցի թիւ 188 տան մէջ անյայտ անձի մը ինքնաձիգէն արձակուած կրակոցներով սպաննուած են նշուած տան բնակիչները՝ 1961-ի ծնունդ Սերեօժա Աւետիսեանը, 1959-ի ծնունդ Յասմիկ Աւետիսեանը, 1979-ի ծնունդ Այդա Աւետիսեանը, 1981-ի ծնունդ Արմէն Աւետիսեանը, 1990-ի ծնունդ Արաքսիա Պօղոսեանը, Յասմիկ Աւետիսեանը (ծննդեան թուականը տակաւին չէ ճշդուած): 2014-ի ծնունդ Սերեօժա Աւետիսեան վիրաւորուած եւ տեղափոխուած է հիւանդանոց:

«Վերջինս մանկահասակ երեխայ է, երկու տարեկան: Ընտանիքի միւս մանկահասակ երեխան՝ 2014 թուականին ծնուած մի քանի ամսական Սերեօժա Աւետիսեանը ծանր մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուել է բժշկական կենտրոն», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Քննչական կոմիտէի նախագահի խորհրդական Սոնա Տռուզեան՝ նշելով, որ «երեխային վնասուածքները պատճառուել են կտրող-ծակող գործիքով: Նա ծանր մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուել է բժշկական կենտրոն»: Աւստրիական մանկական հիւանդանոցին մէջ նորածինը ենթարկուած է վիրահատութեան։

Ըստ ոստիկանութեան կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն՝ սպաննուածներուն վրայ հրազէնային վնասուածքներ կան:

Շիրակի մարզի դատախազ Րաֆֆի Ասլանեանի համաձայն՝ «մահացած անձանց դիակները գտնւում էին անկողիններում»։

Դրացիներէն ոեւէ մէկը, ինչպէս յայտնած են «Ազատութեան», կրակոցի ձայն չէ լսած, եւ ժամը 10։00-ի շուրջ տանտիրուհիին՝ տիկին Յասմիկին քոյրը յայտնաբերած է իր հարազատներուն ոճիրի ենթարկուիլը։ Ան սուրճ խմելու նպատակով այցելած էր հարազատներուն, նկատած է, թէ տան դուռը բաց է, պատուհանները՝ կոտրուած, այնուհետեւ անկողինին մէջ սպաննուած գտած է ընտանիքի անդամները, իսկ սեղանին տակ՝ զէնք: Նշուեցաւ, որ ոճրագործը բոլորը սպաննած է անոնց գլուխին արձակուած կրակոցներով: Նշուած է նաեւ, որ ընտանիքը սովորական պայմաններու մէջ կ’ապրէր եւ ուշադրութիւն չէր գրաւեր իր բարեկեցութեամբ։

Յանցագործը իսկոյն փախուստի դիմած է:

Քննչական կոմիտէէն յայտնած են, որ հիմնական կասկածելին Հայաստանի մէջ ռուսական 102-րդ ռազմակայանի ռուս զինուորական ծառայող Վալերի Պաւլովիչ Պերմեաքովն է, որ նոյն օրը փախուստ տուած էր զօրակայանէն։

Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ ոճիրը կատարած է յանցագործներու խումբ մը, որոնցմէ մէկը յայտնաբերած են Գիւմրի-Երեւան մայրուղիին վրայ:

Նշենք, որ կան տեղեկութիւններ, որոնց համաձայն՝ ոճրագործներու խումբը կազմուած է ռուսերէ, սակայն այս լուրը չէ հաստատուած։

Սոնա Տռուզեան «Ազատութեան» տեղեկացուցած է, որ «դէպքի վայրում յայտնաբերուել են զինուորականի կօշիկները, որոնց վրայ գրուած է եղել Պերմեաքով ազգանունը, այդպիսով էլ հնարաւոր է եղել պարզել զինծառայողի ինքնութիւնը: Յայտնաբերուել են նաեւ ԱԿ-74 ինքնաձիգը, 5.45 միլիմեթր տրամաչափի պարկուճներ եւ մէկ պահունակ՝ փամփուշտներով»:

Քննչական կոմիտէի նախագահի խորհրդականին համաձայն՝ կոմիտէի նախագահ Աղուան Յովսէփեան դէպքին առնչութեամբ յարուցուած քրէական գործին քննութիւնը յանձնած է յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան գլխաւոր վարչութեան. «Քրէական գործով նախաքննութիւնը տեղափոխուել է Երեւան՝ յատկապէս կարեւոր գործերի քննութեան գլխաւոր վարչութիւն»: Ըստ Տռուզեանի՝ դէպքի վայր այցելած են Քննչական կոմիտէի նախագահի տեղակալներ Արամ Թամազեանը եւ Վահագն Յարութիւնեանը: Յայտարարուած է արտակարգ վիճակ, որպէսզի կարելի ըլլայ յանցագործը գտնել։

Ոստիկանութիւնը, իր հերթին, հաղորդած է, որ ոստիկանապետ Վլադիմիր Գասպարեանի յանձնարարութեամբ անմիջապէս ստեղծուած է յատուկ խումբ՝ ոստիկանութեան պետի առաջին տեղակալ Յունան Պօղոսեանի գլխաւորութեամբ, որ մեկնած է Գիւմրի: «Գիւմրիում աշխատում են ոստիկանութեան տարբեր ծառայութիւնների բարձրաստիճան սպաներից ձեւաւորուած օպերատիւ խմբեր, յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանման ծառայողներ: Իրականացւում են անյետաձգելի օպերատիւ-հետախուզական փնտռողական համալիր միջոցառումներ»,- տեղեկացուցած են ոստիկանութենէն։

Բացի Հայաստանի իրաւապահներէն՝ Գիւմրիի մէջ որոնման աշխատանքներ կատարած են նաեւ ռուս զինուորներ։

Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը յայտարարութիւն մը հրապարակած է Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած ողբերգութեան առնչութեամբ։ Ըստ հայրենի մամուլին, յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Ցնցուած ենք Գիւմրիում տեղի ունեցած սոսկալի ողբերգութեամբ: Սգում ենք հայ ժողովրդի հետ միասին: Ցաւակցութիւն ենք յայտնում սպաննուածների հարազատներին: Այդ սարսափելի ողբերգութիւն իրականացնողը պէտք է խստագոյնս պատժուի: Ներկայ պահին Հայաստանի եւ Ռուսաստանի համապատասխան մարմինները անհրաժեշտ հետաքննական գործընթաց են իրականացնում՝ նպատակ ունենալով կատարուածի օբեկտիւ եւ բազմակողմ հետաքննութիւն իրականացնել: Հետախուզական խմբերը կենտրոնացրել են իրենց ջանքերը՝ համաձայն Հանրապետութեան տարածքում 102 ռազմաբազայի տեղակայման մասին պայմանագրի»։