«ԱԼԻՔ» – Խստապահանջութիւնը, նախանձախնդրութիւնն ու հաւատարմութիւնն ընկած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նկարագրի ու կեանքի հիմքում։ Այս մասին ըստ կաթողիկոսութեան մամլոյ ծառայութեան՝ Անթիլիասի Մայրավանքում՝ իր ելոյթում, ասել է Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը:
«Խստապահանջութիւնը, նախանձախնդրութիւնն ու հաւատարմութիւնը: Այսպէս բնորոշեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Միաբանութեան նկարագիրը, կեանքը ու կոչումը, եպիսկոպոսաց դասուն եւ ապա վանաբնակ միաբանութեան հետ յաջորդաբար իր ունեցած հանդիպումներու ընթացքին:
«Մենք անհատ միաբաններ չենք, այլ Միաբանութիւն ենք՝ հաւաքական մէ՛կ անձնաւորութիւն: Այս գիտակցութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ կոչւած ենք մտածելու ու գործելու, ծառայելու ու կազմակերպելու մեր անհատական ու հաւաքական կեանքը, Մայրավանքէն թէ թեմերէն ներս»,- ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետը: Շարունակելով իր խօսքը՝ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Կապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր շրջապատւած ենք տեսակ-տեսակ երեւոյթներով, զարգացումներով, մօտեցումներով, մտածելակերպերով ու կենցաղակերպերով, որոնք երբեմն իրենց ազդեցութիւնը կունենան հայ հոգեւորականի կեանքին, մտածողութեան ու գործին վրայ:
Հարկ է ըլլալ զգօն եւ ամրօրէն կառչած մնալ մեր կոչումին ու անոր պարտադրանքին: Հոգեւորականը իրաւունք չունի սովորական մարդ դառնալու: Ան միջնորդ է Աստուծոյ ու մարդուն միջեւ եւ Քրիստոսի դեսպանն է, ինչպէս կըսէ առաքեալը: Այս ինքնագիտակցութիւնը պէտք է մղիչ ոյժը դառնայ հոգեւորականի կեանքին ու ծառայութեան»,- ասւած է կաթողիկոսութեան մամլոյ ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: