Աղբիւր՝ www.alikonline.ir
ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը իրանահայ համայնքի պատասխանատուներէն` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Իրանի թեմական խորհուրդներու մօտ Կեդրոնական վարչութեան կապ Թովմաս Թովմասեանի, Սպահանի հայոց թեմի թեմական խորհուրդի ատենապետ Վարուժ Մինասեանի եւ Սպահանի հայոց թեմի կրօնական խորհուրդի ատենապետ Վարուժ Մովսիսեանի:
Հանդիպումին իրանահայ ազգայինները զեկուցեցին համայնքի աշխատանքներուն, երկրի պայմաններուն եւ թեմերու տարած գործունէութեան մասին: Ապա խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան շրջանին վերաբերող տնտեսաքաղաքական իրադարձութիւններուն վրայ: