Ատրպատականի հայոց թեմի եկեղե­ցական-ազգային օրացոյցի բարձրակէտը հանդիսացող տարեկան եռօրեայ ուխ­տա­գնացութիւնը դէպի Արտազի Ս. Թադէոս Առաքեալին Վանքը, հոգեւոր ու ազ­գային յուզումներով եւ ապրումներով կը յագեցնէ համայն իրանահայութիւնը եւ յատկապէս ատրպատականցի հայը:

63-րդ տարին ըլլալով, Ատրպատականի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան նա­խաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ սոյն ուխտագնացութիւնը, 27-29 Յու­լիս 2017-ին, բարձր հովանա­ւորութեանբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կի­լիկ­իոյ եւ հանդիսապետութեամբ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջ­նորդ` Գերշ. Տ. Գրիգոր Ս. Եպս. Չիֆ­թճեանի:

Իրանի տարբեր քաղաքներէն եւ արտասահմանէն մեծաթիւ ուխտաւորներ ժամանած էին Ս. Թադէի Վանք, ժամասացութեամբ, Ս. Պատարագով եւ ազգա­յին ժողովրդական տօնախմբութեամբ կատարելու Ս. Թադէոս Առաքեալի եւ Ս. Սան­դուխտ Կոյսին տօ­նը:

Վանքերու ուխտագնացութեան յանձնախումբը, շաբաթ­ներ առաջ լծուած ըլ­լա­լով կազմակերպական աշխատանքներուն, խորհրդատւութեամբ Ազգային վար­չութեան, յանձն առած էր ուխ­տաւորներուն կենցաղային պայմաններու ապա­հովումը եւ այլ անհրաժեշտ կարիքներ:

Նա­խապէս Վանքի շրջապատին մէջ լարուած հարիւրաւոր վրաններու ապա­հո­վումը կա­տարուած ըլլալով Վանքերու ուխտագնացութեան յանձնախումբին կողմէ, ուխտաւորներ Հինգշաբթի 27 Յուլիսին վանք ժամանելով, տեղաւորուե­ցան, նախա­պատ­­րաստուելով յառաջիկայ երկու օրերու ազգային եւ հոգեւոր յայ­տագիրներուն:

Ուրբաթ 28 Յուլիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 5.00-ին վանք ժամանեց Ա­տր­պատականի հայոց թեմի առաջնորդ` Գերշ. Տ. Գրիգոր Ս. Եպս. Չիֆթճեան, ըն­կերակցութեամբ Ազգային վարչութեան անդամներուն: Սրբազանը զան­գի ղօ­ղանջ­ներուն ներքեւ հոգեւոր դասի եւ ժողո­վրդային դի­մա­ւորութեան արժանացաւ, օրհ­նելով հացն ու աղը, իսկ տաճարին մէջ, կա­նոնական ա­ղօթքէն ետք, իր առա­ջին պատգամը յղեց ուխտաւոր բազ­մութեան: Սրբազանը մաղթեց, որ եռօրեայ ուխ­տագնացութիւնը աղօթանուէր կեանքի առաջնորդող ազդակ հանդիսանայ բո­լոր ուխտաւորներուն համար. «Այս վանքին քարերը ոչ միայն կը խօսին, ո՛չ միայն կը պատմեն անցեալի մասին, այլեւ կը լսեն: Անոնք բաց ականջներ են մեր ա­ղօթք­ները ներծծող եւ Աստուծոյ ականջին մէջ արձագանգող», ըսաւ Սրբազանը, կոչ ուղղելով ժա­մերգու­թ­իւններուն մասնակից ըլլալ եւ օգտուիլ ուխտագնացութեան ընձեռած բա­ցառիկ հոգեւոր առիթներէն: Ապա տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամեր­գութիւն, մաս­նակ­ցու­թեամբ հոգեւորականաց դա­սի եւ աղօթակցութեամբ հաւա­տաց­եալ ուխ­տաւոր­նե­րուն:

 

Ուխտի Սուրբ Պատարագ տաճարին մէջ

Ուխտագնացութեան գլխաւոր օրը` Շաբաթ 29 Յուլիս 2017-ին, Ս. Թադէի վանքի տաճարին մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Ատրպատականի առաջնորդը:  Խո­րանին կը սպասար­կէին Ուրմիոյ հոգեւոր հովիւ` Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Պա­սիլ­եանը եւ Թաւրիզի հոգեւոր հովիւ` Արժ. Տ. Մարտիրոս Քհնյ. Ղուկասեանը: Ս. պա­տա­րա­գի երգե­ցողու­թիւնը կատարեց Թաւրիզի «Կոմիտաս» երգչախումբը, ղեկա­վա­րութ­եամբ Վարդան Վահրամեանի: Ս. Խորանին կը սպա­սարկէին Թե­մի սարկա­ւագաց եւ դպրաց դասերը` զոյգ բուրվառով, քշո­ցա­կ­րութեամբ, կերո­նակ­րու­թ­եամբ եւ մոմակրութեամբ:

Ապա, թեմակալ առաջնորդը իր հոգեւոր պատգամը սկսաւ բիւր փառք ու գոհութիւն ընծայելով ամենակալ Աստուծոյ, որ այս տարի եւս առիթ ընծայած էր Ատր­պատականի  հայոց  թեմին,  պահպանել  վանքի  ուխտագնացութիւն­ներուն շա­րունակականութիւնը իր ժողովուրդով, որուն աղօթակից են կ՛ըլլան նաեւ ներ­կայ ուխ­տաւորները  Ս.  Թադէի վանքին մէջ. «Այս սուրբ վանքին տեսած ցաւն ու տա­ռապանքը դարերու ընթաց­քին, մեր յաճախակի այցելութիւններով ու մա­նաւանդ մեր սրտի խորերէն բխած աղօթքներով կը փորձենք ամոքել», ըսաւ Սրբազանը: Ապա, ան վանքի անցեալ պատ­մութենէն“ հիմնադրութեան օրերէն մինչեւ ժամանակակից պատ­մութիւն, յիշարժան քաղուածքներ կատարելով, անդ­րա­դար­ձաւ մեր ժողո­վուրդի ապ­րած տառապանքին եւ պայքարի հզօր ոյժին ու դի­մադ­րողակա­նութեան. «Այս սրբատաշ քարերուն մէջ քարացած ար­ցուն­քը մեր ժողովուրդին: Այս քարերուն մէկ մասը կարծես մեր ազգի տարտ ու ցաւէն սե­ւցեր են, մաշո­ւեր, բայց մեր ժողովուրդին նման դարերու փոթորիկներուն եւ փոշիին դիմաց անվեհեր կան­գներ են: 1915 թուին, Հայոց ցեղասպանութենէն ազատուած վանեցի­ներ հազիւ հա­սած այս վանքը ապաստան գտնելու, ականատեսներու գրածին համաձայն, մօտեցեր են տաճարին եւ լիզեր ու համբուրեր են սրբատաշ քարերը, փառք տալով Աստուծոյ իրենց փրկութեան համար: Երկրաշարժներ փլցուցեր են այս վանքը, աւելի քան եօթ տասնեակ վա­նա­կաններ թաղուեր են աւերակներուն տակ 1319 թուին, բայց հիմերը չեն սա­սանուեր տաճարին, նման մեր առաքելական մայրենի սուրբ եկեղեցւոյ, որուն հիմերը ո՛չ ոք կրնայ թուլցնել կամ սասանեցնել», ըսաւ Սրբա­զանը:

Իր քարոզի վերջաւորութեան, Սրբազան հայրը Ս. Թադէոս առաքեալի եւ Ս. Սան­դուխտ կոյսի բարեխօսու­թիւնը հայցեց բոլոր ուխտաւորներուն համար, որ­պէսզի անոնց խնդրանքները Աստուծոյ գահին հասնին եւ ի բարին կատարուին. «Ո՜վ չունի ցաւ, ո՜վ չունի մտահոգութիւն, ո՜վ չի մտածեր իր կամ իր ընտանիքին եւ զաւակ­ներուն առողջութեան եւ ապահովութեան մասին ներկայ չարիքներով լեցուն այս աշ­խարհին մէջ: Կեանքը անհաւատալի անհեթեթութիւն­ներով լեցուն է: Աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը լացի ձայներ կը լսուին, պատե­րազմ­ներու ու թշնա­մութեան բացա­յայտ նշաններ կ՛երեւին ամէն տեղ` արեւելքէն արեւմուտք եւ հիւ­սիսէն հարաւ, աւերիչ վառօդի հոտը մարդկութեան կեանքին մէջ չի դադրիր: Մէկ խօս­քով տա­ռա­պան­քի, նեղութիւններու եւ անապահով կացութ­եան մէջ կ՛ուտենք այսօրուան մէկ պա­տառ հացը: Ուստի, թող Աստուած լսէ մեր բոլորին աղաչանքը, եղբայրութիւն ու սէր սերմանէ մարդոց սրտերուն մէջ, որ­պէսզի քալենք Աստուծոյ ցոյց տուած ճամբով, ապրինք աստուածահաճոյ կեանքով, միշտ ապա­ւի­նելով մեր ամենազօր Փրկչին փրկարար խաչին զօրութեան», ըսաւ Սրբազանը:

Հոգեւոր իր պատգամի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը յատուկ գնահա­տագիր յանձնեց Ատրպատականի հայոց թեմի Ազգային բարերար Համազասպ Ոս­կանեանին, որ Վանքերու Ուխտագնացութեան Յանձնախումբին հիմնադիր ան­դամ­նե­րէն ըլլալով, այս տարի եւս կարեւոր ներդրում ունեցեր էր, մեկենասը դառ­նալով Սրբազան հօր հեղինակած «Ուղե­ւո­րութիւն Ատրպատականի Հայոց Թեմում Հայ­կա­կան Յուշարձանների Հետ­քերով» մեծածաւալ գիրքի Ա. հատորին, որուն տիտղո­սաթերթի ներքեւ ամփոփուեր են թեմի ա­ւե­լի քան 200 եկեղեցիներէն 95-ին մասին նորագոյն տեղեկութիւններ, ինչպէս նա­եւ հնագիտական այլ հետազօ­տու­թիւն­ներ, որոնք կը վերաբերին թեմի պատմա­կան անցեալին:

Արարողութեան աւարտին, Ս. Թադէի աջով կատարուեցաւ ջրօրհնէք  եւ ա­պա, սուրբ Աջով գլխաւորուած եկեղեցականաց թափօրը ուղղուեցաւ դէպի շրջա­փակ, եւ ապա ամբողջ տաճարին շուրջը դառնալով եկաւ առաջնորդական յարկա­բաժնին` վա­նա­հօր սենեակին առջեւ, ուր երգչա­խումբը կատարեց «Կիլիկ­իա»ն: Ապա, Սրբա­զան Հայրը «Պահպանիչ»ով օրհնեց ժողո­վուր­դը, գնահատական իր խօսքը ուղղեց ազգային իշխանութեան, երգչախումբին, Կրտսերաց դպրաց դա­սին, Տիկնանց Միութեան, ու յատ­կապէս Վանքերու ուխ­տա­գնացութեան յանձնա­խումբին, կա­տարո­ւած կազմակերպ եւ բծախնդիր աշխա­տան­քին համար: Այս առիթով, Սրբա­զան հայ­րը գրաւոր օրհնութիւն յանձնեց Յանձնախումբի բոլոր ան­դամներուն, առ ի գնա­հա­տանք անոնց զոհաբերութեան:

 

Հսկումի ժամերգութիւն

Ամէնօրեայ առաւօտեան եւ երեկոյեան ժամերգութիւններէն բացի, Ուրբաթ գիշեր ժամը 8-ին, տաճարին մէջ կատարուեցաւ Գիշերային ժամեր­գու­թիւն, մաս­նակցութ­եամբ հոգեւորականաց դասին եւ բարեպաշտ ուխտաւոր ժողո­վուրդին: Այս տարի եւս, եկեղեցւոյ մէջ զետեղուած գամերով պատուած հսկայ խաչիշ վրայ ուխ­­տաւորներ իրենց սրտի փափագները արձանագրեցին եւ դրին, խնդրելով Ս. Թա­դէոս առաքեալին եւ Ս. Սանդուխտ կոյսին բարեխօսութիւնը: Ուխտաւորներէն շա­տեր ծնրադիր հե­տեւեցան խորհրդաւոր արարողութեան, աղօթելով աշխարհի խաղաղութեան հա­մար:

Յայտնենք, թէ թեմի քահանայ հայրերը Հինգշաբթի, Ուրբաթ եւ Շաբաթ օ­րե­րուն նաեւ մկրտութեան արարողութիւն կատարեցին, իրենց երեխաները վանքին մէջ կնքելու ուխտ ունեցող ընտանիքներուն համար:

Իսկ Շաբաթ, 29 Յուլիսի առաւօտեան ժամը 10-ին, վանքէն մէկ քլմ. հե­ռաւորութեան վրայ կանգնուած յատուկ վրանի տակ, պետական բարձրաստիճան պա­տասխանատուներ` գլխա­ւո­րու­թ­եամբ Չալ­տրանի Կուսակալ Քարիմ Հոսէյնզա­դէի, յարգանք ընծայե­ցին մեր ժո­ղովուրդի զաւակներուն, ուխտագնացութեան այս առի­թով:

Պաշտօնական սոյն հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Ատրպատականի հա­յոց թեմի առաջնոր­դը, Երեսփոխանական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան ատե­նապետներ` Դոկտ. Արա Մելիքեան եւ Ռուբիկ Ջանանեան, ինչպէս նաեւ սոյն ժո­ղով­ներու ան­դամներ, Վանքերու ուխտագնացութեան յանձնախումբի անդամ­ներ, պե­տա­կան տարբեր կազմերու ներկայա­ցուցիչներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ: Պաշ­տօնա­կան խօսքեր փոխանակուեցան, Սրբազան հօր եւ պետական պատաս­խա­նա­տու­նե­րու միջեւ:

 

Երիտասարդական խանդավառ ծրագիր` վանքի շրջափակին մէջ

Ուրբաթ գիշեր, 28 Յուլիսին, գիշերուան ժամը 10-ից սկսեալ, Ս. Թադէի վան­քի արեւմտեան շրջափակին մէջ, կազմակերպութեամբ Թաւրիզի Հայ Համալսա­րա­նականներու Միութեան վարչութեան եւ հանդիսավարութեամբ Կարէն Սարգիս­եա­նի, տեղի ունեցաւ երիտասարդական խանդավառ ծրագիր, երգերու, նուագնե­րու եւ ասմունքներու կատարումով: Գիշերը «ազատ բեմ» յայտարարուելէն ան­միջապէս ետք, ներկայ երիտասարդութիւնը կամաւորաբար մասնակից դարձաւ ծրագրին, մինչեւ առաւօտեան ժամեր: Ներկայ տաղանդաւոր երիտասարդու­թենէն շատեր իրենց երգի, նուագի եւ ասմունքի ձիրքերը ցոյց տուին, միանգամ եւս փաստելով, հայ ազգի տաղանդաշատ նոր սերունդի դրական ընդունակութ­իւնները: 

Ս. Թադէի Ուխտագնացութիւնը այս տարի եւս բացառիկ առիթ հանդիսա­ցաւ մեր ժողովուրդի քրիստոնէական հաւատքի վերանորոգութեան եւ ազգային պատ­կանելիութեան գիտակցութեան ամրապնդման, գնահատելու այն` ինչ որ մեր գոյութեան համար անհրաժեշտ է, եւ մեր հաւաքական կեանքին համար էական:

 

Ատրպատական, Ազգային Առաջնորդարան