" https://alikonline.ir "

 

Երէկ՝ յունիսի 11-ին, «Կրօնի դերը աշխարհաքաղաքականութեան մէջ» թեմայով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա կաթողիկոսը դասախօսական ելոյթ է ունեցել Վատիկանի Արեւելեան համալսարանում: Այս մասին յայտնում են կաթողիկոսութեան մամլոյ ծառայութիւնից:

«Դասախօսութիւնը կազմակերպւած էր յիշեալ համալսարանի, «Գրէգորեան» համալսարանի եւ Լիբանանի դեսպանատան միացեալ նախաձեռնութեամբ: Նորին Սրբութիւնը նախ պարզեց հին դարերէն սկսեալ կրօնի առանցքային դերը աշխարհաքաղաքականութեան մէջ: Յիշելէ յետոյ թէ պատմութեան ընթացքին կրօնի դերը հոլովոյթի ենթարկւած է աշխարհաքաղաքական պայմաններու փոփոխութեան զուգահեռ, ընդգծեց միաստւածեան կրօններու (հրէութիւն, քրիստոնէութիւն, իսլամութիւն) ունեցած կենտրոնական դերը յատկապէս Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի՝ քաղաքական, մշակութային եւ ընկերային մարզերէն ներս:

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը կենտրոնացուց Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն ծիրէն ներս կրօնի ունեցած իւրայատուկ դերին վրայ՝ իր դրական ու բացասական երեսներով ու հետեւանքներով: Այս շրջագծէն ներս Նորին Ս. Օծութիւնը անդրադարձաւ հետեւեալ կէտերուն.-

Ա. Հաւատք եւ բանականութիւն: Միաստւածեան կրօնները տարբեր մօտեցում ունին հաւատքի ու բանականութեան փոխյարաբերութեանց գծով: Որքանո՛վ բանականութիւնը կը հակակշռէ հաւատքի հասկացողութեան ու արտայայտութեան վրայ. որքանո՛վ հաւատքը նկատի կառնէ բանականութեան մօտեցումները. ինչպէ՛ս կարելի է ներդաշնակութիւն ստեղծել այս երկուքին միջեւ՝ հեռու մնալով մէկուն կամ միւսին բացարձակ գերակայութենէն:

Բ. Ի՞նչ է կրօնին եւ քաղաքականութեան իւրայատուկ յարաբերութիւնը: Ճիշտ չէ կրօնը նոյնացնել քաղաքականութեան հետ, միաժամանակ կարելի չէ կրօնը քաղաքականութենէն հեռու պահելը: Դարձեալ, ինչպէ՞ս կարելի է ներդաշնակութիւն ստեղծել անոնց յարաբերութեան մէջ, մէկ կողմէն՝ առանց քաղաքականացնելու կրօնը, եւ միւս կողմէն՝ առանց կրօնական բովանդակութիւն եւ ուղղութիւն տալու քաղաքականութեան:

Գ. Կրօնը թէ՛ միացուցիչ, եւ թէ՛ բաժանարար ազդակ է: Այսպէս կը վկայէ պատմութիւնը եւ ներկայ իրականութիւնը: Իր բնոյթով ու նպատակով կրօնին դերը միշտ կը մնայ միացնող եւ հաշտեցնող, այլ խօսքով՝ կամուրջի դեր ունի կրօնը: Սակայն կրօնը նաեւ օգտագործւած է քաղաքական նպատակներու, եւ հետեւաբար պատճառ դարձած է յաճախ բաժանումներու ու պատերազմներու:

Վերոյիշեալ երեք երեւոյթներու մասին անդրադառնալէ յետոյ, Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ կէտերը յիշեց, որոնք պէտք է կազմեն կրօնին իւրայատուկ դերը ներկայ ընկերութեան ու յատկապէս Միջին Արեւելքէն ներս.

Ա. Փոխադարձ վստահութեան ամրապնդում: Կարելի չէ մնայուն ու ամբողջական խաղաղութիւն հաստատել, երբ կը պակսի փոխադարձ վստահութիւնը: Որքան ալ քաղաքական ծիրէն ներս խաղաղութեան դաշնագիրներ ստորագրուին, երբ ժողովուրդներու միջեւ փոխադարձ վստահութիւնը կը պակսի, խաղաղութիւնը միշտ կը մնայ փխրուն ու ժամանակաւոր:

Բ. Խաղաղութիւնը պէտք է հաստատել արդարութեան հիման վրայ: Որքան ալ խաղաղութեան պայմանները ըլլան փոխադարձաբար ընդունելի, արդարութիւնը պէտք է կազմէ հիմքը մնայուն խաղաղութեան:

Գ. Կրօնի դերը կենսական է ընկերութեան կեանքէն ներս, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան գծով: Ընկերութիւնը կառուցւած պէտք է ըլլայ կառավարման այնպիսի կառոյցներով ու սկզբունքներով, ուր թափանցիկութիւնն ու հաշւետւութիւնը դառնան մղիչ ուժերը ընկերութեան կեանքին:

Դ. Պայքար՝ արմատական շարժումներու դէմ: Ներկայ ժամանակներուն քաղաքական ու գաղափարախօսական նպատակներէ մեկնած՝ արմատական շարժումներ յաճախ կը յառաջանան ընկերութիւններու կեանքէն ներս: Կրօնը զգոյշ պէտք է ըլլայ նման շարժումներուն կողմէ շահագործւելէ եւ պէտք է դառնայ բարոյական ու հոգեւոր արժէքներու պահապանը:

Ե. Տագնապներու կանխազգուշացման մէջ առանցքային է դերը կրօնին: Տագնապներ լուծելը շատ աւելի դժւար է, քան զանոնք կանխարգիլելը: Կրօնը կոչւած է որպէս բարոյական հեղինակութիւն կարեւոր նպաստ բերելու հարցերու լուծման եւ կողմերու միջեւ հասարակաց յայտարարներ որոնելու ուղղութեամբ:

Յիշեալ կէտերուն անդրադառնալով, Նորին Սրբութիւնը կարեւորութեամբ ընդգծեց կրօնին իւրայատուկ դերը: Իր խօսքի աւարտին, անդրադառնալով Միջին Արեւելքին պարզած ներկայ փոթորկալից կացութեան, Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, թէ կրօնը Միջին Արեւելքի ընկերութեան պատմութեան ու ներկայ կեանքին մէջ իր ունեցած գործօն ներկայութեամբ եզակի դերակատարութեամբ կրնայ կարեւոր նպաստ բերել հարցերու լուծման, խաղաղ գոյակցութեան ամրապնդման եւ փոխադարձ վստահութեան ծաւալման՝ պատմական տւեալներէն ու արդարութեան սկզբունքներէն մեկնած: Վեհափառ Հայրապետը առաջարկեց, որ երեք կրօններու բարձրագոյն ներկայացուցիչները հանդիպին Երուսաղէմի մէջ, ուր պատմականօրէն ամրագրւած է անոնց ներկայութիւնը, եւ խաղաղութեան կոչ ուղղեն:

Վեհափառ Հայրապետին դասախօսութենէն առաջ յաջորդաբար խօսք առին հալասարանի տնօրէնը, Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպանը եւ Վատիկանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահ Քարդինալ Քոխը։ Անոնք անդրադառնալէ ետք Հայրապետին կենսագրական գիծերուն՝ շեշտեցին, թէ ան միջազգային դէմք է՝ միջեկեղեցական ու միջկրօնական աշխարհէն ներս իր ունեցած տարիներու փորձառութեամբ, հեղինակած գիրքերով եւ միջազգային համագումարներու մասնակցութեամբ։

Դասախօսութեան ներկայ էին Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Հոգեւոր Տէրը, այլ առաքելութեամբ մը Հռոմ ժամանած Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեանը, համալսարաններու դասախօսներ, դեսպաններ եւ Վատիկանի զանազան բաժանմունքներու պատասխանատուներ»,- ասւած է կաթողիկոսութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: