Ուրբաթ, 17 Յունիս 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Իրանի Կրօններու ու Մշակոյթներու Երկխօսութեան Կեդրոնի ներկայացուցիչ Ալ-Սայյըտ Մուհամմէտ Ռիտա Մուրթատաուիի: Հաղորդում է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը:

 

Ներկայացուցիչը Նորին Սրբութեան յանձնեց յիշեալ կեդրոնի նորանշանակ ընդհանուր տնօրէնին՝ Մուհամմէտ Մեհտի Իմնիբուրի նամակը: Նամակին մէջ տնօրէնը կը շեշտէ ահաւոր տագնապներ դիմագրաւող ներկայ աշխարհին մէջ կրօններու միջեւ երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ՝ արեւմտեան ընկերութեան մէջ հակա-իսլամական շարժումները կասեցնելու հրամայականը:

 

Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին յայտնեց, որ ընդհանրապէս միջ-կրօնական ու յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը անհրաժեշտ է աւելի քան երբէք եւ այս ուղղութեամբ ինք ոչ միայն հրատարակութիւններ կատարած ու դասախօսութիւններ տուած է, այլ նաեւ՝ գործնական քայլերու դիմած: Հայրապետը նաեւ ընդգծեց երկխօսութենէ անդին, աշխարհը յուզող մտահոգութիւններու ու խնդիրներու գծով միացեալ կեցուածք ճշդելու կարելիութիւնը:

 

Յայտնենք, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան վերոյիշեալ կեդրոնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ շուրջ 25 տարիներէ ի վեր երկխօսութիւն գոյութիւն ունի՝ ժամանակակից հարցերու քննարկման առնչուած: