Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org

 

Քիչ առաջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կապ հաստատեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ եւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց հայոց բանակին։

Այս ժամերուն, Ազրպէյճանի բանակը սկսած է յարձակումներ գործել Արցախի սահմանի երկայնքին։ Հայոց բանակը ուժեղ կերպով կը դիմադրէ հակառակորդի յարձակումներուն։

Կոչ կ՚ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ զանազան կերպերով իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեն հայրենիքին ու հայոց բանակին։

Երբ հայրենիքը վտանգի ենթակայ է, ողջ հայութիւնը կը դառնայ հայոց բանակ։ Ա՛յս կը վկայէ մեր պատմութիւնը. ա՛յս է մեր պատմութեան պատգամը։

Կ՚աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որ մեր հայրենիքը ու բանակը հեռու պահէ ամէն տեսակ երեւելի ու աներեւոյթ չարերէ ու չարիքներէ։

 ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ