Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org

 

 

Երեքշաբթի, 11 Օգոստոս 2020-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Ազգային Վարչութեան անդամներուն եւ միաբան հայրերուն, յաջորդաբար այցելեց Պէյրութի եւ շրջակայից եկեղեցիները՝ Սուրբ Նշան, Ս. Յակոբ, Ս. Գէորգ, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն, Ս. Յովհաննու Կարապետ, Ս. Քառասնից Մանկանց, Ս. Սարգիս, Ս. Աստուածածին եւ Ս. Վարդանանց, ինչպէս նաեւ Ազգային Միացեալ Վարժարան։

 Վեհափառ Հայրապետը մօտէն տեղեկացաւ պայթումին հետեւանքով տեղի ունեցած վնասներուն: Նորին Սրբութիւնը իր հայրական քաջալերանքը փոխանցեց առաջնորդ սրբազանին, Լիբանանի հայոց թեմին մէջ ծառայողներուն եւ գաղութի զաւակներուն՝ ըսելով. «Մի՛ յուսահատիք, մենք միասնաբար, հաւաքական հաւատքով ու նուիրումով պիտի վերականգնենք Լիբանանի հայութիւնը՝ վերահաստատելով անոր համասփիւռքեան դերակատարութիւնը»։ Ան այս առիթով նաեւ յիշեցուց, թէ Հայաստանը, Արցախը, Սփիւռքը եւ ողջ հայութիւնը Լիբանանի հայութեան գործնապէս զօրակից է։

 Այցելութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը Ազգային Առաջնորդարանին մէջ թեմական պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած հանդիպման ընթացքին դարձեալ յիշեցուց, թէ կարելի փութով պէտք է վնասներուն արժեւորումը կատարուի, որպէսզի կարենանք կազմակերպուած կերպով լծուիլ աշխատանքի: