Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org
Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Սուրբ եւ անմահ Պատարագ՝ հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:
Պատարագին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, Լիբանանի հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը եւ երեք քաղաքական կուսակցութեանց վերի մարմիններու ներկայացուցիչները:
Իր Հայրապետական պատգամը առ Աստուած ուղղուած գոհաբանական աղօթքով սկսելէ յետոյ, Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ երեք հաստատումները կատարեց.- Առաջին՝ Լիբանանի հայութիւն, մեր ողջ ազգը քեզի՛ հետ է: Երկրորդ՝ Լիբանանի հայութեան հզօրացումը Հայաստանին ու Սփիւռքին հզօրացումն է: Երրորդ՝ Լիբանանի հայութիւնը պետութեան հետ է, ԱՅՈ՛, սակայն դէմ է՝ պետական իրենց պաշտօնները չարաշահող պատասխանատուներուն: Իւրաքանչիւրին մասին անդրադառնալէ յետոյ Վեհափառ Հայրապետը Լիբանանի հայութեան վերականգնումը նկատեց համազգային ծրագիր ու մասնակցութիւն: Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ շեշտեց, թէ. «Լիբանանը միշտ կը մնայ Սփիւռքի մէջ իր առանցքային դերակատարութեամբ կարեւոր համայնք, համահայկական աշխատանքներուն ու տեսլականներուն կարեւոր ներդրում կատարած ու կատարելու կոչուած գաղութ, հետեւաբար, անոր վերականգնումը պէտք է ըլլայ միասնական ճիգով»:
Պատարագի աւարտին Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ Պէյրութի մէջ պատահած պայթումին հետեւանքով նահատակուած հայորդիներու հոգիներուն համար: