Աղբիւր՝ armenianorthodoxchurch.org

 

Երկուշաբթի, 1 Յունիս 2020-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովին հանդիպումը։ Քննարկուեցան մեր եկեղեցւոյ ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներքին կեանքին ու թեմերուն առնչուած շարք մը ծիսական, դաստիարակչական, հրատարակչական, միջ-եկեղեցական, տեղեկատուական եւ ընկերային ծառայութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր: Յիշեալ բնագաւառներուն շուրջ տրուեցան զեկոյցներ պատասխանատու միաբան հայրերու կողմէ եւ քննարկումներէ ետք առնուեցան համապատասխան որոշումներ։

 
Ժողովի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց.- «Կրօնական Ժողովի ընթացքին մենք նաեւ անդրադարձանք համաճարակի հետեւանքներուն եւ այս ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն՝ թէ՛ եկեղեցական արարողութիւններու, թէ՛ ընկերային ծառայութեան եւ թէ այլ մարզերէ ներս: Բնականաբար, այս բոլորին մասին տեղեակ պիտի պահենք մեր թեմերը։

 
«Այս առիթով, կ՚ուզենք կարեւորութեամբ յիշեցնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ մեզի համար իւրաքանչիւր հայ արժէք մըն է եւ, հետեւաբար, իր ֆիզիքական, բարոյական ու տնտեսական առողջութիւնը Մեզի համար, ինչպէս մեր եկեղեցւոյ ու ազգին՝ կենսական է։ Մենք պիտի շարունակենք մեր լաւագոյնը կատարել այս ուղղութեամբ՝ ծառայութեան ճամբով մեր կարելիութեանց սահմաններէն ներս։

 
«Մեր թելադրանքն է, որ համաճարակի ստեղծած այս վտանգալից կացութիւնը դիմագրաւենք բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատուութեամբ ու խստապահանջութեամբ՝ մեր անձին, մեր ընտանիքին, մեր բարեկամներուն եւ ընդհանրապէս մեր շրջապատին նկատմամբ: Կը կրկնենք. իւրաքանչիւր հայու կեանքը թանկագին է մեր ազգին համար: Արդ, Մեր հայրական թելադրութիւնն է, որ առողջապահական, պետական ու համայնքային պատասխանատուներուն կողմէ հաստատուած նախազգուշական միջոցներուն հաւատարմօրէն հետեւինք՝ դիմակ գործածելով, ֆիզիքական անհրաժեշտ հեռաւորութիւնը պահելով, մեր ձեռքերը յաճախ լուալով եւ հեռու մնալով բազմանդամ հաւաքներէ: Վստահ ենք, որ իւրաքանչիւր հայորդի կարեւորութեամբ նկատի պիտի առնէ համաճարակին դէմ պաշտպանուելու համար հաստատուած այս ազդու միջոցները»: