Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org
Երեքշաբթի, 25 Փետրուար 2020-ին, Թեհրանի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի, ինչպէս նաեւ նորընտիր պատգամաւորներու ուղղած իր նամակով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն շնորհաւորեց անոնց ընտրութիւնը:
Յայտնենք, որ Թեհրանի եւ Հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր ընտրուեցաւ Արա Շահուերդեանը, իսկ Սպահանի եւ Հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր ընտրուեցաւ Ռոպերդ Բեգլարեանը: Երկու պատգամաւորները Իրանի հայութեան կեանքի գործօն մասնակցութիւն բերած են անդամակցելով զանազան մարմիններու: Անոնք նաեւ մասնակցած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ազգային ժողովներուն:
Նորին Սրբութիւնը իր շնորհաւորական նամակին մէջ մաղթեց, որ նորընտիր պատգամաւորները վերանորոգ նուիրումով իրենց նպաստը բերեն Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան յառաջդիմութեան եւ Իրանի հայութեան կեանքի առաւել ծաղկման: