Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org
Այսօր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ժամանակակից պատմութեան մէջ կարեւոր օր մը դարձաւ, երբ մեր ժողովուրդը հանդիսաւոր կերպով իր յարգանքը մատուցանեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին՝ իր ձեռնադրութեան 50-ամեակին առիթով։ Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը փափաքած էր, որ այս նշումը ըլլայ սահմանափակ, առանց թեմերու մասնակցութեան, կրօնական արարողութեան շրջագիծէն ներս։ Սակայն, հակառակ այս իրողութեան, Վեհափառ Հայրապետին 50-ամեակի նշումը կատարուեցաւ արժանի յարգանքով։ 50-ամեակի նշման ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեան եւ իր տիկինը, Լիբանանի նախագահին, վարչապետին եւ խորհրդարանի նախագահին ներկայացուցիչները, քրիստոնեայ համայնքապետերու ներկայացուցիչները, պետական նախարարներ, երեսփոխաններ, դեսպաններ, քաղաքական կուսակցութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները, Հայաստանէն ժամանած նախարարներ, ազգային բարերարներ եւ մեր ժողովուրդի զաւակները։
Արդարեւ, 21 Հոկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցանեց Վեհափառ Հայրապետը։
Օրուան պատգամը փոխանցեց Նորին Սրբութիւնը հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով։ Իր պատգամին որպէս բնաբան Նորին Սրբութիւնը ընտրած էր Քրիստոսի այն խօսքը, որ կ՚ըսէ, թէ «Ես աշխարհ եկայ ո՛չ թէ ծառայութիւն ստանալու, այլ ծառայելու» (Հմմտ. Մտ 20.28)։ Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով պարզեց ծառայութեան իմաստը քրիստոնէական տեսանկիւնէն դիտուած։ Ան յիշեցուց, թէ եկեղեցին ինքզինք կ՚ըլլայ, իր հարազատ էութեամբ, ծառայութեան ճամբով, որովհետեւ եկեղեցին ոչ անշարժ կառոյց է եւ ոչ ալ զմռսուած մտածողութիւն, այլ ժողովուրդին գացող ծառայական առաքելութիւն է։ Ապա, ան ըսաւ, որ կեանքի դժուար պայմաններուն մէջ, անցնող 50 տարիներուն, յատկապէս որպէս Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ եւ ապա Կաթողիկոս, փորձած է Քրիստոսի թելադրութեան հաւատարիմ ըլլալ իր ծառայական կեանքին մէջ։ Ան յիշեց, որ ինք ցեղասպանութեան վերապրողներու զաւակ է եւ Լիբանան ծնած հայ եկեղեցւոյ առաջին Կաթողիկոսը։
Նորին Սրբութիւնը լայնօրէն անդրադարձաւ Լիբանանի կատարած օգնութեան հայոց ցեղասպանութենէն ետք։ Ան ըսաւ, որ Լիբանանի մէջ հայ համայնքը ոչ միայն շուտով ինքզինք վերակազմակերպեց, այլ նաեւ դարձաւ յառաջապահը հայ ժողովուրդի վերածննդեան ու սիրտը Սփիւռքի հայութեան։ Որպէս Լիբանանի եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկը, Լիբանանի հայութիւնը միշտ տէր է իր պարտաւորութիւններուն եւ իրաւունքներուն, շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը։
Իր գնահատանքը յայտնելէ ետք Լիբանանի նախագահին, վարչապետին ու խորհրդարանի նախագահին, Հայրապետը յատուկ կերպով ողջունեց վարչապետի պաշտօնակատար Փաշինեանը՝ շեշտելով, թէ հայրենի ժողովուրդին կամքին ու սպասումներուն թարգմանը ըլլալով՝ ան նոր էջ բացաւ Հայաստանի ներկայ ժամանակներու պատմութեան մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը միաժամանակ վստահեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ վերանորոգ հաւատքով իր մասնակցութիւնը բերել Հայաստանի հզօրութեան ու ծաղկման աշխատանքներուն։
Իր պատգամի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց, որ Լիբանանի ու Հայաստանի միջեւ եղբայրական սերտ կապն ու գործակցութիւնը աւելի ամրապնդուին։
Պատարագէն ետք, Վեհարանի դահլիճին մէջ, խօսք առաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Ստեփան Տէր Պետրոսեանը եւ շեշտելէ ետք Վեհափառ Հայրապետին 50-ամեայ ծառայութեան կարեւորութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կեանքէն ներս, յաջորդաբար հրաւիրեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Պապին եւ Հանրապետութեան նախագահին ներկայացուցիչները եւ ապա վարչապետի պաշտօնակատար Փաշինեանը՝ իրենց խօսքերը արտասանելու։
Գերշ. Տ. Նաթան Արք. Յովհաննէսեան ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին շնորհաւորական ուղերձը։ Իր խօսքին մէջ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսըկ՚ընդգծէ Նորին Սրբութեան յիսնամեայ ծառայութեան անկիւնադարձային հանգրուանները. «Հինգ տասնամեակ առաջ Դուք նուիրուեցիք հոգեւոր սպասաւորութեանը, եւ այսօր Ձեր յոբելեանը դիմաւորում էք մեր եկեղեցու անդաստանում արքասաւոր ծառայութեան վաստակով», ըսած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, ու կ՚աւելցնէ, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր վաստակը ունի նաեւ հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր ու ազգային կեանքին եւ միջ-եկեղեցական աշխարհին մէջ։ Ուղերձին մէջ կ՚ընդգծէ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան ծաւալուն աշխատանքին արդիւնքով նոր հորիզոններ բացուած են Հայ եկեղեցւոյ առջեւ պայծառացնելու աշխարհասփիւռ հայերու հոգեւոր կեանքը եւ հզօրացնելու անոր միասնականութիւնը. «Հաւատում ենք, որ միասնակամ գործակցութեամբ պիտի շարունակենք լուծման առաջնորդել հոգեւոր-եկեղեցական մեր անդաստանում առկայ մարտահրաւէրները», կ՚եզրափէ ուղերձը։
Պապական նուիրակ Ճոզէֆ Սփիթերին ընթերցեց Ֆրանչիսկոս Պապի ուղերձը։ Պապը իր խօսքի մէջ կը շնորհաւորէ Նորին Սրբութեան քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 50-ամեակը, եւ կ՚աղօթէ Նորին Սրբութեան քաջառողջութեան եւ երկարակեցութեան համար։
Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահի անունով խօսք առաւ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան։ Ան ըսաւ, որ այս առիթը իր մէջ կը պարփակէ ազատութեան, հաստատ սկզբունքներու եւ համակեցութեան պատգամները։ Ան Հանրապետութեան նախագահին անունով յայտարարեց, որ Լիբանանի ժողովուրդը մէկ է եւ միշտ իբրեւ մէկ ամբողջութիւն պիտի կանգնի՝ Լիբանանի յարութեան համար։ «Դուք՝ Նորին Սրբութիւն եւ հայ համայնքը կը կազմէք այս հայրենիքին ամէնէն կարեւոր բաղկացուցիչ տարրերէն մին», շեշտեց Քանաան։
Հանդիսութեան վերջին խօսքը արտասանեց Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեան։ Ան վեր առաւ Վեհափառ Հայրապետին եկեղեցանուէր, ազգանուէր եւ ազգաշէն գործունէութիւնը ու նշեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դերն ու դերակատարութիւնը ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութեան կեանքի վերակազմակերպման առաքելութեան մէջ։ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Սփիւռքի առաքելական հայերի մի մեծ հատուածի հոգևոր կեդրոնն է, եկեղեցական եւ կրօնական աւանդոյթների պահպանման ու հարստացման իւրայատուկ դարբնոցը։ Անթիլիասը հազարաւոր հայերի սրտում է։ Շնորհակալ ենք, որ այս պատերի ներքոյ տարիներ ի վեր փայփայուել են մեր ազգային ինքնութիւնը, մշակութային արժէքները, խրախուսուել ազգապահպանութեան ծրագրերը», ըսաւ Վարչապետի պաշտօնակատարը։ Ան ընդգծեց, որ Լիբանանահայ գաղութը ընդհանրապէս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռը յատկապէս իրենց ներդրումը ունեցած են Լիբանանի վերելքին։
Ան կարեւորութեամբ շեշտեց Նորին Սրբութեան տարած աշխատանքը՝ հայոց ցեղասպանութեան արդար հատուցման ապահովման նպատակով ու նշեց. «Մենք հիացած ենք Ձեր ստեղծագործ եւ լայնածաւալ աշխատանքով, որի արդիւնքում յաջողութեամբ կերտում էք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ նրա սփիւռքեան թեմերի ու թեմական կառոյցների երեկուան ու այսօրուան պատմութիւնը», եւ աւելցուց, որ անժխտելի է Նորին Սրբութեան օրհնութեան եւ իմաստուն խօսքի ազդեցութիւնը ազգային կեանքին, հայոց պետականաշինութեան եւ համազգային առաջնահերթութիւններու իրականացման գործընթացքին մէջ։ Ան նաեւ
շեշտեց Վեհափառ Հայրապետին միջ-եկեղեցական ոլորտին մէջ եւ միջազգային գետնի վրայ ունեցած գործունէութիւնն ու համբաւը։
Ան նաեւ վեր առաւ Լիբանանի ապահովութեան եւ կայունութեան պահպանման կարեւորութիւնը եւ ընդգծեց հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթին մէջ Հայաստան-Սփիւռք փոխադարձ գործակցութեան մէջ Վեհափառ Հայրապետին ջանքերը։
Փաշինեան իր խօսքը եզրափակեց՝ ըսելով. «Երախտապարտ ենք, որ Դուք Ձեր ականաւոր գիտնականի, հայագէտի եւ կրօնագէտի իմաստութիւնը միահիւսելով Ձեր անհուն հայրենասիրութեանն ու մշտական ծառայութեանը՝ շուրջ կէս դար Ձեր սրբազան առաքելութիւնն էք կատարում առ Աստուած, առ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցի եւ առ Հայրենիք»։
Աւարտին, ներկաները իրենց շնորհաւորութիւնները յայտնեցին Վեհափառ Հայրապետին։