Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org
Երկուշաբթի, 1 Հոկտեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցագիր նամակ մը յղեց Շարլ Ազնաւուրի ընտանիքին՝ յայտնելով իր խորազգաց ցաւակցութիւնը այս տխուր առիթով։
Ցաւակցագիրին մէջ Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց այն եզակի դերին, զոր Շարլ Ազնաւուր ունեցաւ միջազգային մակարդակի վրայ, յատկապէս երաժշտական մարզէն ներս։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ շեշտեց Շարլ Ազնաւուրին բերած կարեւոր նպաստը հայ ժողովուրդի արդար դատին ճանաչման օտար շրջանակներէն ներս։ Բնականաբար, Հայրապետը նաեւ յիշեց մեծ երգիչին կարեւոր դերը Հայաստանի հզօրացման ու ծաղկման աշխատանքներուն՝ անոր վերանկախացումէն ետք։