Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org
Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդին, շուրջ տարի մը առաջ, Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց դատարանը մերժած էր քննարկել Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին կողմէ նոյնպէս քննարկման մերժումի ենթարկուած Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջքը։ Անցնող ամիսներուն, յիշեալ դատական հայցը շարունակելու վճռակամութենէ մղուած, Կաթողիկոսարանի իրաւական յանձնախումբը խորհրդակցութիւններ ունեցած էր թէ՛ եւրոպական եւ թէ թրքական իրաւական հարցերու ծանօթ մասնագէտներու հետ եւ յանգած էր այն որոշման, որ նոյն դատական հայցը որոշ բարեփոխումներով պէտք է ներկայացնել Թուրքիոյ նախադատ ատեանին։
Այս որոշումէն մեկնած, անցնող քանի մը օրերու ընթացքին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, գլխաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին, աշխատանքային հանդիպում մը տեղի ունեցաւ իրաւական յանձնախումբի կարգ մը անդամներուն հետ։ Իրաւական յանձնախումբի լիակատար նիստը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ ամսուան ընթացքին, ուր պիտի ճշդուի դատը թրքական դատարան ներկայացնելու գործընթացքը։