Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը նախապատրաստուի արժանավայել կերպով նշելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը։
Արդարեւ, Հայաստանի Հանրապետութեան հետ կապուած պատմական, մշակութային, հոգեւոր, ռազմական եւ այլ մարզերու մէջ արձանագրուած իրագործումները լուսարձակին տակ առնելու, վերլուծումներ կատարելու եւ ընդհանրապէս անոնց այժմէականութիւնը շեշտելու համար, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը ծրագրէ Ապրիլ 2018-ին կազմակերպել Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան յատկացուած համահայկական համագումար մը։
Այս ծիրին մէջ կը կարեւորուի Ա. Հանրապետութեան անկումէն անմիջապէս ետք անոր կարկառուն դէմքերու Լիբանան հաստատուիլն ու անոնց իրագործած կրթական, մշակութային եւ հասարակական գործունէութիւնը։ Անոնց գործունէութիւնը մեծապէս նպաստած է ո՛չ միայն Լիբանանահայ, այլ՝ ամբողջ սփիւռքահայ քաղաքական միտքի զարգացման եւ հայրենանպաստ ու հայանպաստ աշխատանքներու հունաւորման։ Նշենք, որ Հայաստանի անկախութեան այս կերտիչները նաեւ սերտ գործակցութիւն ունեցած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետներուն հետ։
Համահայկական համագումարի օրերուն տեղի պիտի ունենան նաեւ մշակութային ձեռնարկներ։
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը համահայկական տարողութեամբ նշելու նպատակով կազմուած է յանձնախումբ մը, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Յանձնախումբին անդամներն են՝ Տիար Երուանդ Փամպուքեան, փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, Տիար Շահան Գանտահարեան, Տիար Կիրօ Մանոյեան, Տիար Խաչիկ Տէր Ղուկասեան եւ Տիար Խաչիկ Տէտէեան։
Համագումարին պիտի հրաւիրուին Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի տարբեր գաղութներէն պատմաբաններ, մտաւորականներ, արխիւագէտներ, ակադեմականներ, պետական եւ հասարակական գործիչներ։