Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com
Այս բառերով Արամ Ա. կաթողիկոս ողջունեց իրեն այցելող խումբ մը լիբանանցի արուեստագէտները, որոնք 24 ապրիլին առիթով Պիպլոսի մէջ պիտի ցուցադրեն Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած իրենց գեղանկարները: Սոյն ծրագիրը կազմակերպուած է Թէքէեան մշակութային միութեան կողմէ եւ անոր նպատակն է արուեստի ճամբով օտարներուն ծանօթացնել Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Իր խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը գնահատելով լիբանանցի գեղանկարիչներուն մասնակցութիւնը ցուցահանդէսին, թելադրեց, որ իրենց պատրաստելիք գեղանկարներուն մէջ շեշտը դնեն ցեղասպանութենէն անդին` նաեւ հայ ժողովուրդի արդարութեան պահանջին ու վերածնունդին վրայ: Արամ Ա. կաթողիկոս նշեց, որ թուրքը ջարդեց հայ ժողովուրդը, իսկ արաբ ժողովուրդը, իսլամ թէ քրիստոնեայ, իր հայրենիքին դռները լայն բացաւ հայ ժողովուրդին դիմաց: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, «Թուրքին նոյն ծաւալապաշտական ու բռնատիրական ոգին այսօր եւս տեսանելի է թէ՛ արաբական աշխարհին եւ թէ՛ Եւրոպայի մէջ»:
Ապա վեհափառ հայրապետը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն: