Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org
Այս առաւօտ Ղարաբաղի նախագահ Մեծարգոյ Տիար Բակօ Սահակեանի հետ հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ ֆինանսաւորումով Մարտակերտի շրջանին մէջ կառուցուած «Նոր Կիլիկիա» գիւղի 15 բնակարաններ արդէն իսկ յանձնուած են ընտանիքներու։ Վեհափառ Հայրապետը յատկապէս իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ յիշեալ բնակարանները տրամադրուած են Մարտակերտի շրջանի Կիջան եւ Նոր Ղազանչի համայնքներու զոհուած ազատամարտիկներու ինչպէս նաեւ բազմազաւակ ընտանիքներու։ Յայտնենք որ սկզբնական շրջանին արդէն իսկ կառուցուած ու բնակիչներու յանձնուած են 10 բնակարաններ, ինչպէս նաեւ վերանորոգուած է միջնակարգ դպրոցը, եւ ապա՝ 32 բնակարաններ վերանորոգուած են։
Այս առիթով Վեհափառը յայտնեց Պրն. Նախագահին, թէ ինք թելադրած է մեր Սուրբ Աթոռի թեմերուն, որ շարունակեն Նոր Կիլիկիա գիւղը աւելի զարգացնել ու ճոխացնել նոր բնակարաններու եւ համայնքային անհրաժեշտ կեդրոններու շինութեամբ։
Հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին Պրն. Նախագահը Վեհափառ Հայրապետը տեղեակ պահեց Ղարաբաղի ներքին ընդհանուր կացութեան, սահմաններու իրավիճակին եւ Ղարաբաղի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին։ Վեհափառ Հայրապետը խնդրեց Պրն. Նախագահէն որ իր հայրական ողջոյնը, աղօթքն ու զօրակցութիւնը փոխանցէ Ղարաբաղի ազատամարտիկներուն, որոնք քաջօրէն կը պաշտպանեն Ղարաբաղի անկախութիւնն ու ապահովութիւնը։ Ապա Վեհափառ Հայրապետը վստահեցուց որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը նոյն ոգիով ու յանձնառութեամբ պիտի շարունակէ իր ամբողջական աջակցութիւնն ու մասնակցութիւնը բերել Ղարաբաղի անկախութեան ու հզօրացման նպաստող բոլոր աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն։