«Գնահատելով Իրանի զօրակցութիւնը Հայաստանի ու Արցախի գծով, կը սպասենք աւելին»
— Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ —
Երեքշաբթի, 22 Օգոստոս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը երկար հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպան Մուճդապի Ամանիի հետ:
Քննարկումներուն մէջ յատուկ տեղ գրաւեց Արցախի շրջափակումը Ազրպէյճանի կողմէ: Վեհափառ Հայրապետը անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց դեսպանին, յատկապէս անդրադառնալով շրջափակումին հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական տագնապին եւ անոր ծանր հետեւանքներուն: Ապա, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ երկու հիմնական հարցեր կը գտնուին Արցախի դիմաց՝ շրջափակումին անյապաղ վերջ տալը եւ Արցախի ինքնորոշման ճանաչումը: Արագ ակնարկ մը նետելով Արցախի պատմութեան վրայ, Հայրապետը կարեւորութեամբ յիշեց Իրանի ցուցաբերած զօրակցութիւնը ընդհանրապէս Հայաստան-Ազրպէյճան տագնապին եւ յատկապէս Արցախի հարցին քաղաքական լուծման՝ արդարութեան ու ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին վրայ հիմնուած: Շարունակելով իր խօսքը, Նորին Ս. Օծութիւնը շեշտեց, թէ հայ ժողովուրդը աւելին կը սպասէ Իրանէն, յատկապէս Արցախի տագնապի այս ճակատագրական հանգրուանին:
Դեսպանը մօտէն ծանօթ ըլլալով Արցախի հարցին, խոստացաւ Վեհափառ Հայրապետին մտահոգութիւնները ու սպասումները փոխանցել Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան պատասխանատուներուն:
Հանդիպման ընթացքին նաեւ քննարկուեցան Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առնչուած հարցեր եւ այս ուղղութեամբ վերջին շրջանին տեղի ունեցած զարգացումները՝ տեղական, շրջանային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ: Դեսպանը ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին ու Լիբանանի հայ համայնքին տարած աշխատանքները եւ որդեգրած դիրքորոշումները նախագահական ընտրութեան առնչուած:
Հանդիպման աւարտին, Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադարձաւ նաեւ յառաջիկային Իրանի հայութեան տալիք իր հովուապետական այցելութեան մանրամասնութիւններուն: