Կիրակի, 28 Մայիս 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագի մատուցմամբ, Հանրապետական Մաղթանքի կատարումով եւ Սարդարապատի հերոսամարտին զոհուած հերոսներու հոգիներուն հոգեհանգստեան կարգով յիշատակուեցաւ ազատ ու անկախ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան 105 ամեակը, հանդիսապետութեամբ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին։ Ապա, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Հայաստանի անկախութեան եւ Վեհափառ Հայրապետին անուանակոչութեան տօներուն առթիւ կոկիկ յայտագիր մը տեղի ունեցաւ Վեհարանի դահլիճին մէջ, ուր Նորին Ս. Օծութիւնը ներկայ ժողովրդեան փոխանցեց իր Հայրապետական ոգեշունչ պատգամը։

 

ՆՈՐԻՆ Ս. ՕԾՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Անկախութեան տօնին առիթով, Վեհարնի Դահլիճին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը Ս. եւ Անմահ Պատարագին յաջորդած տօնախմբութեան ընթացքին ուղղեց իր Հայրապետական պատգամը։

Ան նշեց, որ Մայիս 28-ն սովորական տօն մը չէ. այն կը խորհրդանշէ անկախութեան համար պայքարելու մեր ժողովուրդին վճռակամութիւնը, մինչեւ իսկ՝ արեան գնով։ Այս գիտակցութեամբ ու ոգիով պէտք է նշել Մայիս 28-ի անկախութեան տօնը։ Ան դիտել տուաւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ հաւատարիմ մնաց Մայիս 28-ի ոգիին ու տեսլականին՝ նոյնիսկ ամէնէն դժուար օրերուն. «մեր կեանքի վերիվայրումներուն ու ալեկոծումներուն մէջ, Մայիս 28-ն, այլ խօսքով ազատ ու անկախ Հայաստանը, ամբողջական Հայաստանը, ամբողջական հայութեամբ, մեր Ս. Աթոռին համար միշտ մնաց ո՛չ միայն զգացական արտայայտութիւն, այլ նաեւ՝ ազգային գաղափարախօսութիւն։ Այս տեսլականով ու հաւատքով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը սերունդներ կազմաւորեց», հաստատեց Նորին Սրբութիւնը։

Խօսելով հայրենիքի ներկայ իրավիճակին մասին, Արամ Ա. Կաթողիկոս նշեց, որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը անտարբեր ու լուռ չի կրնար մնալ։ Փաստօրէն լքուած են Արցախը՝ դարաւոր հողը հայրենեաց եւ արցախցին։ Հայաստանի եւ մանաւանդ Հայաստանի իշխանութեան շրջանակներու մօտեցումներուն նկատմամբ լուռ չի կրնար մնալ մեր Ս. Աթոռը, յատկապէս երբ կը խօսուի Ազրպէյճանի հողային պահանջներուն տեղի տալու եւ անոր հողային ամբողջականութիւնը ճանչնալու մասին. «արդեօք կը մտածե՞նք այս մօտեցման քանդիչ ու վտանգաւոր հետեւանքներուն մասին։ Արցախը լքուած է եւ Հայաստանը կոչ կ՚ուղղէ Արցախին եւ Ազրպէյճանին բանակցելու իրարու հետ։ Նման կրաւորական եւ անտարբեր մօտեցում Հայաստանի կողմէ պիտի վտանգէ Արցախի ինքնիշխանութիւնը եւ նոյնիսկ՝ Արցախի գոյութիւնը», ըսաւ Հայրապետը։

Վեհափառ Տէրը նաեւ մերժեց շրջանառութեան մէջ մտած վերջին բանաձեւումները, ուր կը խօսուի ազգային շահերու եւ պետական շահերու տարբերութեան եւ այդ տարբերութեան ընդունման մասին։ Ան կտրականապէս մերժեց այս ու զայն համարեց քաղաքական հեռետիկոսութիւն՝ ընդգծելով Աստուածաշնչական պատգամը, թէ անկախութիւնը, ազատութիւնը Աստուածատուր պարգեւ է եւ որեւէ ազգ ու անհատ իրաւունք չունի բռնաբարելու ու անտեսելու զայն. «Արցախի մեր ժողովուրդը 32 տարի առաջ զանազան առիթներով իր ինքնիշխանութիւնը որոշած ու հաստատած է եւ միշտ իր կեցուածքին վրայ ամուր կը մնայ։ Հետեւաբար այսօր մենք պէտք է անդրադառնանք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ազգային շահեր ու պետական շահեր իրարմէ անջատելը։ Նման մօտեցում խոտոր կը համարուի մեր ժողովուրդի պատմութեան եւ ինքնահասկացողութեան», յայտնեց ան։

 Վերջապէս, Հայրապետը անգամ մը եւս վերահաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախին, անոր ժողովուրդին ու պայքարին։

 

ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Ս. Պատարագի ընթացքին, Նորին Ս. Օծութեան գլխաւորութեամբ խումբ մը միաբան հայրեր Ս. Խորան բարձրացան, ուր Հայրապետին ձեռամբ կատարուեցաւ Հանրապետական Մաղթանք եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի օրհնութեան կարգ։ Խորանին վրայ կանգնած միաբան հայրերն ու Նորին Սրբութիւնը աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած ու հայցեցին Անոր օրհնութիւնն ու փրկութիւնը. խնդրեցին, որ Տէրը ամուր ու անսասան պահէ հայ ազգին Հանրապետութիւնը եւ իմաստութիւն տայ իշխանութեան պատասխանատուութիւն ունեցողներուն։ Հուսկ, տեղի ունեցաւ հոգեհանգսեան պաշտօն՝ Սարդարապատի հերոսամարտին զոհուած հերոսներու հոգիներուն։

 

ՅԱՒՈՒՐ ՊԱՏՇԱՃԻ ՔԱՐՈԶ

Յաջորդիւ, օրուան պատարագիչ հայր սուրբը՝ Հոգշ. Տ. Առաքել Աբղ. Գատէհճեան, մեկնելով Հոգեգալստեան տօնէն, յաւուր պատշաճի քարոզեց՝ մէջբերելով Մատթէոսի Աւետարանէն 14։16 համարը, ուր կը նշուի Քրիստոսի խոստումը Ս. Հոգին աշխարհ ղրկելու մասին՝ որպէս յաւիտենական Մխիթարիչ մահկանացուներուս։ Ան ըսաւ, որ Քրիստոսի համբարձումէն ետք վախ կը տիրէր առաքեալներուն ու աշակերտներուն մէջ, որոնք չէին համարձակեր դուրս գալու Վերնատունէն ու Յիսուսի խօսքը քարոզելու, մինչեւ որ եկաւ հոգեգալուստեան օրը ու անոնք զօրացան ճշմարիտ Մխիթարիչով։ Այս զօրութեամբ է, որ առաքեալները կարողացան սահմաններ կտրել, դէմ դնել ամէնէն բռնատէր թագաւորութիւններուն ու տարածել Ճշմարտութիւնը՝ հասնելով մինչեւ նահատակութիւն։ Հայր սուրբը դիտել տուաւ, որ առաքեալները Ս. Հոգիին զօրութիւնը ձեռնադրութեան ճամբով փոխանցեցին համայն աշխարհին. եւ այսօր, Ս. Հոգին է, որ կ՚առաջնորդէ մեր եկեղեցին։ Ան նաեւ նշեց, որ մեր նախահայրերը պատմութեան բոլոր դժուարութիւններուն դէմ դրին շնորհիւ Ս. Հոգիին զօրութեան ու կերտեցին Մայիս 28-ի անկախութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութենէն միայն երեք տարի ետք, ունենալով Ս. Հոգիին խորհրդանիշ սրբալոյս Միւռոնը իրենց ճակատներուն։ Հայր սուրբը վստահեցուց, որ քաջարի հայորդիք ներկայիս բոլոր պատերազմները եւս, մանաւանդ Արցախի մէջ, կը մղեն Մխիթարիչին զօրութեամբ։ Քարոզի աւարտին, ան բոլորին անունով խոնարհեցաւ անոնց նահատահութեան առջեւ եւ աղօթք բարձրացուց, որ Ս. Հոգին մխիթարէ մեր ազգի սգաւորները, զօրացնէ մեր սրտերը, բանայ մեր ազգի ղեկավարներուն ու իշխանաւորներուն աչքերը եւ լուսաւորէ մեր սուրբ հայրենիքին երկնակամարը։

 

ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ ՎԵՀԱՐԱՆԻ ԴԱՀԼԻՃԻՆ ՄԷՋ

Յաւարտ Ս. Պատարագին, Հայրապետական թափօրն ու հաւատացեալները ուղղուեցան Վեհարանի դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ Մայիս 28-ի եւ Վեհափառ Հայրապետին անուանակոչութեան նուիրուած գեղարուեստական յայտագիր՝ Դպրեվանքի սաներուն կատարողութեամբ։ Այնտեղ Արամ Ա. Կաթողիկոս իր Հայրապետական պատգամը ուղղեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն։

Հոգշ. Տ. Աւետիք Վրդ. Տէր Կարապետեան ընթերցեց ուղերձ մը, ուր ընդգծեց ազատութեան եւ անկախութեան մենաշնորհումը Աստուծմէ տրուած անժխտելի իրականութիւն մը ըլլալը։ Ան նշեց, որ իւրաքանչիւրիս ազատութիւնը կը դադրի հոն, ուր այլոց ազատութիւնը ոտնակոխ կ՚ըլլայ ու դիտել տուաւ, որ հայրենիքին անկախութիւնը վեր է բոլոր անձնական շահերէ։ Որքան որ «փարաւններու» սրտերը կարծրանան, պիտի գան «Մովսէսներ», որոնք իրենց ժողովուրդին համար ծովեր պիտի ճեղքեն, յայտնեց ան՝ շարունակելով Պօղոս առաքեալին Բ. Կորնթացիներու նամակին 3։17 համարէն՝ «ուր որ Տիրոջ Հոգին ներկայ է՝ հոն ազատութիւն է»։ Հայր Աւետիք ապա խօսեցաւ Արամ Մանուկեան հերոսին արժանիքներուն մասին եւ արձագանգելով զօրավար Սիլիկեանին Ա. Մանուկեանի մասին տուած պատգամին՝ նշեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան կիզակէտն է հայ ազգին անկախութեան ու ազատութեան կռուաններուն՝ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք միութիւնը ամուր պահելը։

Տօնախմբութիւնը աւարտեցաւ Հայրապետական մաղթերգներով եւ «Կիլիկիա» օրհներգով։