«ԻՄ ՁԱՅՆՍ ՄԻԱՑՆԵԼՈՎ ՍՈՒՐԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՁԱՅՆԻՆ, ԿՈՉ Կ’ՈՒՂՂԵՄ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՎԵՐՋ ՏԱԼՈՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԷՄ ՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԿԱՐԵԼԻ ՓՈՒԹՈՎ ՕԺԱՆԴԱԿԵԼՈՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԿԱՐԻՔՆԵՐՈՒՆ»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Ինծի համար միշտ յատուկ ուրախութիւն եղած է ըլլալ Սուրիոյ մէջ. այն երկրին, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք ընդունեց ջարդէն ճողոպրած մեր ժողովուրդի զաւակները եւ իր հայրենիքը, հացն ու ջուրը բաժնեց իրենց հետ։ Աշխարհացրիւ մեր ժողովուրդի զաւակները երբեք չեն մոռնար Սուրիոյ ժողովուրդին ցուցաբերած սէրը, վստահութիւնը ու զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդին նկատմամբ։

Այսօր, սակայն, վշտաբեկ սրտով ու ցաւով կ՚այցելեմ Սուրիա եւ ականջալուր ու ականատես կ՚ըլլամ երկրաշարժին յառաջացուցած ահաւոր քանդումներուն ու մարդկային զոհերուն, ինչպէս նաեւ հարազատներ կորսնցուցած անհատներու եւ անտուն մնացած բազմաթիւ ընտանիքներուն։ Փաստօրէն, ահաւոր ողբերգութեան մը դիմաց կը գտնուի այսօր Սուրիան։ Երկրաշարժին ծանր հետեւանքները կրնան աւելի ծաւալիլ, եթէ կարելի փութով ազդու միջոցներու չդիմուի։

Հետեւաբար, միջազգային համայնքը չի կրնար անտարբեր մնալ մարդկային այս ահաւոր ողբերգութեան նկատմամբ։ Նման կացութեան դիմաց անհրաժեշտ է մէկդի դնել քաղաքական մօտեցումներ ու դիրքորոշումներ եւ որպէս մարդկային նոյն ընտանիքին պատկանող անձեր ու ազգեր անհրաժեշտ է իրարու օգնել։ Ինչպէս Աստուածաշունչը կ՚ըսէ, երբ մարմնին մէկ անդամը ցաւի ամբողջ մարմինը կը ցաւի (Ա.Կր 12.26)։ Այսօր, միջազգային համայնքը եւ անոր պատկանող բոլոր ազգերն ու երկիրները կոչուած են օժանդակելու Սուրիոյ։ Արդ, սա պահուն իմ ձայնս միացնելով Սուրիոյ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու հաւաքական ձայնին, կոչ կ՚ուղղեմ միջազգային համայնքին վերջ տալու Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն եւ կարելի փութով օժանդակելու Սուրիոյ ժողովուրդի անհրաժեշտ կարիքներուն, որպէսզի արդէն տնտեսական տագնապի մատնուած սուրիացի ժողովուրդը կարենայ դուրս գալ իր ներկայ ահաւոր տագնապէն։

 

16 Փետրուար 2023

Հալէպ, Սուրիա