Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա-ի ֆէյսբուքեան գրառումը
Խոր ցաւով իմացայ Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան N զօրամասի կացարանին մէջ բռնկած հրդեհին հետեւանքով 15 երիտասարդ հայորդիներու մահուան գոյժը։ Կ՚աղօթեմ անոնց հոգիներուն խաղաղութեան, ընտանիքներուն Ս. Հոգւոյ մխիթարութեան եւ վիրաւորներուն շուտափոյթ ապաքինման համար։
Թող Աստուած անսասան պահէ մեր Հայրենիքն ու հայոց բանակը։