Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Օգոստոս 5-ին, աշխատանքային այցելութեամբ Իրան հասած նախագահ Սերժ Սարգսեան ներկայ գտնուած է Իրանի նորընտիր նախագահ Հասան Ռուհանիի երդման պաշտօնական արարողութեան:
Նախագահ Սարգսեան նոյն օրուան երեկոյեան մասնակցած է պաշտօնական ընդունելութիւն, որ կազմակերպուած է ի պատիւ Թեհրան գտնուող երկիրներու բարձրաստիճան պատուիրակութիւններուն:
Երէկ` կիրակի, 6 օգոստոսին նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Իրանի նորընտիր նախագահ Հասան Ռուհանիին հետ:
Հանդիպումին սկիզբը Իրանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սերժ Սարգսեանին` հրաւէրը ընդունելուն եւ երդմնակալութեան արարողութեան մասնակցելուն համար` ընդգծելով, որ Իրան բարձր կը գնահատէ իր լաւ դրացի Հայաստանի նախագահին ներկայութիւնը արարողութեան: Հասան Ռուհանի յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի նախագահի այցելութիւնը նոր խթան հաղորդէ երկկողմանի յարաբերութիւններու ընդլայնման եւ զարգացման հաշուի առնելով նաեւ հայ-իրանական պատմամշակութային ընդհանրութիւնները:
Նշելով, որ ընթացիկ տարին նշանակալից է թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Իրանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական իրադարձութիւններու առումով` Հայաստան բարեփոխուած սահմանադրութեան համաձայն կազմակերպեց խորհրդարանական ընտրութիւններ, իսկ Իրանի ժողովուրդը ընտրեց գործադիր իշխանութեան ղեկավար, տարին յատկանշական էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իրանի բազմադարեան պատմութիւն ունեցող կապերու նորագոյն շրջանի` դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակով, նախագահ Սարգսեան գոհունակութեամբ արձանագրած է, որ այս ընթացքին երկու երկիրները կրցած են զարգացնել եւ ամրապնդել փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութիւն` բոլոր մարզերուն մէջ:
Երկու երկիրներու նախագահները հանդիպումին քննարկած են երկկողմանի եւ բազմակողմանի փոխադարձ գործակցութեան վերաբերող հարցեր: Զրուցակիցները համակարծիք եղած են, որ հայ-իրանական տնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ առկայ է մեծ ներուժ, որուն արդիւնաւէտ օգտագործման ուղղութեամբ անհրաժեշտ է շարունակել հետեւողական աշխատանքը: Նախագահներուն համոզումով, ատիկա կը նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական շրջանառութեան աշխուժացման եւ ներդրումներու բարձրացման:
Նախագահները երկուստեք կարեւոր նկատած են շարք մը այլ մարզերու մէջ իրականացուող մեծ ծրագիրներն ու նոր եւ հեռանկարային նախագիծերու իրականացումը: Անդրադարձ կատարուած է ուժանիւթի, յատկապէս` կազի եւ ելեկտրականութեան, ինչպէս նաեւ փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան մարզերուն, այդ կարգին` Հայաստանի եւ Իրանի տարածքներով Պարսից ծոցը Սեւ ծովուն հետ կապող միջազգային փոխադրական եւ տարանցիկ ուղիներու օգտագործման կարեւորութեան: Կարեւոր նկատուած է նաեւ կազի եւ ելեկտրականութեան մարզերուն մէջ եռակողմանի` Իրան-Հայաստան-Թուրքմենիստան ձեւաչափով համագործակցութեան զարգացումը:
Կողմերը կարեւոր նկատած են Իրանի եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան միջեւ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրին շուրջ ընթացող բանակցութիւնները: Իրանի նախագահը նշած է, որ մինչեւ հիմա այդ ուղղութեամբ զգալի քայլեր առնուած են` ընդգծելով, որ մօտ ապագային համաձայնագիրի ստորագրումը բաւական արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ:
Հասան Ռուհանի բարձր գնահատած է Հայաստանի կողմէ նախաձեռնուած` երկու երկիրներուն միջեւ ելքի եւ մուտքի արտօնագիրներու չեղեալ յայտարարուիլը, որ գործարար կապերու ընդլայնման, տնտեսական գործունէութեան եւ ներդրումներու ու զբօսաշրջութեան խթանման տեսանկիւնէն կարեւոր եւ արդիւնաւէտ քայլ էր:
Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ շրջանային անվտանգութեան խնդիրներուն, ներառեալ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային հոլովոյթը: Նախագահ Սերժ Սարգսեան ներկայացուցած է այդ հոլովոյթի ներկայ վիճակն ու Հայաստանի դիրքորոշումը` տագնապը բանակցութիւններու միջոցով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շրջագիծին մէջ խաղաղ միջոցներով լուծելու վերաբերեալ:
Իրանի նախագահը ընդգծած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումը կրնայ ըլլալ բացառապէս քաղաքական ճամբով, եւ իր երկրին համար կարեւոր է շրջանի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը: