Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Իրանի զբօսաշրջութեան զարգացման ծրագիրին ծիրէն ներս, Թեհրանի կառավարութիւնը 370,000 տոլար յատկացուցած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած հայկական եկեղեցիները վերականգնելու ջանքերուն:
«Իրանն Այսօր»ը կը տեղեկացնէ, թէ Իրանի Մշակութային ժառանգութեան, արհեստներու եւ զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան փոխղեկավար Մոհամետ Հասան Թալեպիան ըսած է. «Անհրաժեշտ է պահպանել պատմական եկեղեցիներուն տեսքը, եւ այդ իսկ պատճառով, Մշակութային ժառանգութեան կազմակերպութիւնը կը փորձէ հասարակութեան ուշադրութիւնը անոնց վրայ կեդրոնացնել՝ կրօնական արարողութիւններ կազմակերպելով ու վերականգնման նախագիծեր իրականացնելով»։
Պաշտօնատարը այս յայտարարութիւնը կատարած է Ս. Թադէի վանք այցելութեան ընթացքին։
Նշենք, որ 2008ին, Ս. Թադէի վանքը, Ս. Ստեփանոս վանքն ու Ձորձոր մատուռը ընդգրկուած էին ԵՈՒՆԵՍՔՕի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ, «Իրանի հայկական եկեղեցիները» ընդհանուր անուան տակ: ԵՈՒՆԵՍՔՕն շեշտած էր, թէ այս կառոյցները կ՛ընդգծեն հայկական աւանդոյթներու հզօրութիւնն ու ուժը: