Աղբիւր՝ www.alikonline.ir

 

Սիրիոյ քաղաքացիական պատերազմի սկիզբէն իսկ, Հալէպի հայկական համայնքը, գտնւելով կառավարական եւ ընդդիմութեան ուժերուն ընդհարումի գօտիին միջեւ, մինչեւ այսօր կապրի ծանր օրեր, տալով տասնեակներով զոհեր, հարիւրաւոր վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ կրելով հսկայական վնասներ համայնքային եւ սեփական կառոյցներու: Վերջին շրջանին կացութիւնը վատթարացած է, քանի շրջանին մէջ, կառավարութեան դէմ հակադրւող ուժերը, «Ալ Ղայիդա»-ի հետ կապակցութիւն ունեցող ուժերն են:

Կասկածէ վեր է, թէ ծայրայեղական ընդդիմադիր այս ուժերը, զինւած Թուրքիոյ կողմէ եւ մուտք գործած Թուրքիայէն, իբրեւ իրենց հիմնական թիրախն ընտրած են յարձակումները անզէն ժողովուրդին վրայ, քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ: Կարճ ժամանակ առաջ, մուտք գործելով Թուրքիայէն, յարձակեցան հայաբնակ Քեսաբին վրայ, պատճառ դառնալով, որ ամբողջ բնակչութիւնը տեղահանւի եւ ապաստան գտնէ Լաթաքիոյ մէջ: Վերջին օրերուն նոյն ուժերը, մուտք գործելով նորէն Թուրքիայէն, սկսած են անդադար հրթիռակոծումը Հալէպի հայկական թաղամասերուն եւ յատկապէս Նոր Գիւղի շրջանը:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն մամլոյ սպասարկութիւններ եւս, Նոր Գիւղի անդադար այս հրթիռակոծումը, ծայրայեղական ուժերուն կողմէ, վտանգի ենթարկած է բնակչութեան կեանքը, իսկ մեծ վնասներ հասցուցած՝ հայկական եկեղեցիներու, դպրոցներու, ակումբներու, բնակարաններու եւ գործատուներու, որոնք ամբողջութեամբ կամ մասամբ քանդւած են, պատճառելով անզէն եւ խաղաղ բնակչութեան տեղահանումը եւ ապաստան գտնելը Լաթաքիա, ուր արդէն խճողւած են Քեսաբի փախստականները:

Նկատի ունենալով ստեղծւած կացութիւնը, սիրիահայութեան Շտապօգնութեան եւ վերականգման մարմինը, յայտարարած է Հալէպի հայկական թաղամաս Նոր Գիւղը իբրեւ ԱՂԷՏԵԱԼ ԳՕՏԻ:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը, կը դատապարտէ շարունակական այս յարձակումները՝ Սիրիոյ հայ ազգաբնակչութեան դէմ: Անկասկած, ծայրայեղական այս ուժերը այժմ, իբրեւ իրենց հիմնական թիրախը կը նկատեն հայաբնակ շրջանները եւ որոնք, անտարակոյս, կը քաջալերւին երրորդ երկիրներու կողմէ եւ յատկապէս Թուրքիայէն, ուր եւ կը զինւին այս ուժերը եւ ունին արտօնութիւնը մուտք գործելու Սիրիոյ սահմաններէն ներս, հակառակ Թուրքիոյ անհիմն պնդումներուն, որ ինք որեւէ մեղսակցութիւնը չունի:

Կոչ կուղղենք Եւրոմիութեան, որ այլեւս ժամանակն է փոխելու իր որդեգրած կեցւածքը մինչեւ այսօր եւ դատապարտելու բուռն կերպով այս յարձակումները եւ ճնշելու Թուրքիան, որ դադարեցնէ ոճրագործ այս ուժերու զինումը եւ ուղարկումը Սիրիա, յարձակումներ կատարելու համար հայաբնակ շրջաններու վրայ: Կոչ կուղղենք բոլոր պետութիւններուն եւ յատկապէս անոնց որոնք կը սատարեն ընդդիմութեան ուժերուն, որ միջամտեն եւ պահանջեն ծայրայեղական այդ ուժերէն՝ դադարեցնելու իրենց յարձակումները հայաբնակ շրջաններուն վրայ: Այն պետութիւնները, որոնք պիտի չառնեն նման նախաձեռնութիւններ, պիտի կրեն բարոյական պատասխանատւութիւնը հակահայ այս գործողութիւններուն եւ բոլոր ոճիրներուն, որ կը կատարւին ծայրայեղական այս ուժերուն կողմէ:

Կոչ կուղղենք Սիրիոյ իշխանութիւններուն, որ դիմեն անմիջական միջոցառումներու՝ ապահովելու անզէն ժողովուրդին ֆիզիկական ապահովութիւնը, որուն տենչանքն է իր գիւղերուն եւ թաղամասերուն մէջ ապրելու խաղաղութեամբ եւ կեանքի ու ինչքի ապահովութեամբ:

Հայ ժողովուրդը, որ ենթարկւած է ցեղասպանութեան Թուրքիոյ կողմէ, դիմագրաւած է մեծ աղէտներ, սակայն այսօր ոտքի է եւ կենդանի, պիտի չարտօնէ որեւէ նոր զանգւածային յարձակումներու ծրագրի իրագործումը՝ Սիրիոյ մեր հայրենակիցներուն դէմ եւ պիտի հակազդէ համապատասխանօրէն ամբողջ աշխարհի մէջ՝ ապահովելու համար Սիրիոյ հայութեան անվտանգութիւնը:

Յարգանքներով՝
ԳԱՍՊԱՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Նախագահ
Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի յաձնախմբի
Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախմբի գրասենեակ
05.06.2014 թ.