Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Մարտինի Տարկեչիթ բնակավայրի Թիրպիք անունով տարածքին վրայ, հոն ուր նախապէս հայկական ու ասորիական գերեզմաննոցներ կային, այժմ բացուած է ազգային հանրապարտէզ մը։
Լրատուութեան հեղինակն է ասորի Ապտիւլմեսիհ Էրկիւն, որ պատմեց, թէ հակառակ բազմաթիւ ազդարարութիւններու գերեզմաննոցներուն վրայ այսպիսի շինութիւն մը կատարուեցաւ։ Մարտ 2016ին, երբ կառավարութիւնը պետական կառավարիչ մը նշանակեց ընտրեալ քաղաքապետին փոխարէն, օրակարգի բերուեցաւ նախագիծ մը եւ որոշուեցաւ գերեզմաննոցներուն վրայ կառուցել հանրապարտէզ ու հարսանեկան սրահ մը։ Նախագիծը կեանքի կոչուեցաւ եւ պետութեան կողմէ տրամադրուեցաւ 220,000 տոլար։
Էրկիւն դիտել կու տայ, որ շինութիւնը չդադրեցաւ նաեւ այն ատեն, երբ փոքրիկի մը խաչի նշան ունեցող դագաղը դուրս եկաւ այդ հողատարածքէն։
Այդպիսի հողերու վրայ զուարճութեան վայրի մը կամ զբօսայգիի մը շինութիւնը, ըստ Էրկիւնի, առնուազն անմարդկային քայլ մըն է։
Այս նիւթին անդրադարձաւ Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան՝ յիշեցնելով, որ անցեալ տարի Վանի Արտամէտ շրջանի հայկական գերեզմանատան վրայ կառուցուած հանրային արտաքնոցներուն դէպքը՝ նշելով, որ հակառակ գործադրուած բոլոր ջանքերուն տակաւին անոնք կանգուն կը մնան։ Ան նկատել տուաւ, որ Թուրքիոյ մէջ ամէն անպատիժ արարք կը կրկնուի՝ շեշտելով, որ տեղի ունեցածը «մեծ անբարեխղճութիւն է»։