Աղբիւր՝ www.yerkir.am
Սուրիոյ հայ երեք համայնքապետները խստիւ կը դատապարտեն Գամիշլիի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետ Տէր Յովսէփ Քհնյ.Պետոյեանի եւ անոր հօր դաւադրական սպանութիւնը զինեալ ահաբեկիչներու կողմէ, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, 11 Նոյեմբեր 2019-ին, Տէր Զօրի Ալ Զար գիւղին մէջ: Ահաբեկչական խմբաւորումներու գործունէութիւնը կը վերաշխուժանայ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջաններ թրքական ներխուժումներուն հետ զուգահեռաբար:
Ահաբեկչական այս արարքը կը հակասէ մարդկային, կրօնական բոլոր սկզբունքներուն եւ թիրախ կը դարձնէ սուրիական ընկերութիւնը՝ սպառնալով երկրի խաղաղութեան եւ բնակչութեան ապահովութեան: Մասիս Եպս. Զօպուեան Առաջնորդ Բերիոյ Հայոց Թեմին Պետրոս Արք. Միրիաթեան Առաջնորդ Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան Համայնքապետ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի: