Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Թրքական ոստիկանութիւնը չէ արտօնած Պոլսոյ Սուլթանահմեթ հրապարակին վրայ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յիշատակման արարողութիւն իրականացնելը: Կը նշուի, որ արարողութիւնը նախաձեռնած էր «Թուրքիոյ Մարդու իրաւունքներու ընկերակցութեան» Պոլսոյ մասնաճիւղի ցեղապաշտութեան ու խտրականութեան դէմ յանձնաժողովը: Այս մասին կը հաղորդէ “Էրմէնիհապեր”-ը։
Ոստիկանութիւնը պատճառաբանած է, որ Պոլսոյ իշխանութիւնները չեն արտօնած արարողութեան իրականացումը:
Ձեռնարկին մասնակցելու նպատակով Սուլթանահմեթ հրապարակ եկած էին նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանը: Աւելի ուշ Փայլան արարողութեան մասնակցելու նպատակով Պոլլիս եկած Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւորներուն հետ միասին մամուլի ասուլիս տալու նպատակով հեռացած է հրապարակէն: Ասուլիսը տեղի պիտի ունենայ Մարդու իրաւունքներու միութեան շէնքին մէջ:
Թեմայի վերաբերեալ թրքական «Evrensel» լրատուական կայքին տուած մեկնաբանութեան մէջ Փայլան յիշեցուցած է, որ ամէն տարի այդ նոյն հրապարակին վրայ մամուլի ասուլիս տուած են 1915ի Ապրիլ 24ին հայ մտաւորականներու ձերբակալութիւններու ու սպանութիւններու նիւթով:
«Այս տարի յիշատակի միջոցառումը արգիլուեցաւ: Ոստիկանութիւնը մեզի տեղեկացուց, որ արգիլուած է: Չկրցանք իրացնել սահմանադրութեամբ մեզի տրուած մամուլի ասուլիս իրականացնելու իրաւունքը», ըսած է հայ երեսփոխանը` աւելցնելով, որ Հայոց Ցեղասպնութեան խնդրին լուծում չգտնող իշխանութիւնը կը նախընտրէ լռեցնել ու ճնշել հանրութիւնը:
«Բոլոր այն յանցագործութիւնները, որոնց հետ չեն առերեսուիր, կը կրկնուին եւ, ցաւօք, այսօր ալ կը տեսնենք այդ յանցագործութիւններու կրկնութեան հետեւանքները», ըսած է ան: