Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Հայոց Ցեղասպանութեան 104րդ տարելիցին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան դարձեալ կրկնեց թրքական սուտը եւ հերքեց հայերուն դէմ 1915ին սկսած Ցեղասպանութիւնը:
Թրքական արխիւներուն նուիրուած գիտաժողովին ընթացքին արտասանած իր ելոյթին մէջ, Էրտողան, անդրադառնալով Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն կատարուածին՝ յայտարարեց, թէ հայերը ջարդած են իսլամ կիներն ու երեխաները, ու նման պայմաններու մէջ «հայ հրոսակները եւ անոնց աջակիցները աքսորելը ամենատրամաբանական վարքագիծը եղած է»:
Չհեռանալով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ցուցաբերուող աւանդական թրքական ուրացման քաղաքականութենէն՝ Էրտողան յայտարարեց, որ իրենց արխիւներուն մէջ կան մեծ թիւով փաստացի տուեալներ, եւ միայն այդ տուեալները հետազօտելէ ետք է, որ քաղաքական գործիչները հանդէս պէտք է գան յայտարարութիւններով:
Անդրադառնալով Ֆրանսայի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ դիրքորոշման՝ Էրտողան ըսաւ. «Բոլոր անոնց, որոնք հայկական հարցին շուրջ կը փորձեն մեզի մարդկային իրաւունքներու վերաբերեալ դաս տալ, ամէն անգամ ստիպուած ենք յիշեցնելու անոնց արիւնոտ անցեալը»:
24 Ապրիլին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին, Թուրքիոյ առաջնորդին կողմէ նման յայտարարութիւններ ընելը կը վկայէ, որ Թուրքիա կը շարունակէ հետեւողականօրէն ժխտել պատմական անհերքելի փաստերը եւ սեփական անցեալը ուրանալ: Պետական մակարդակով հնչող նման յայտարարութիւնները ոչ միայն լոյս չեն սփռեր այդ երկրի պատմութեան ամենամութ էջերուն վրայ, այլ նաեւ կը շարունակեն գալիք սերունդներուն մէջ նոր թշնամանք ներարկել հայերուն դէմ:
Նշենք, որ Էրտողան նամակ մը ուղարկեց Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդին՝ ցաւակցութիւն յայտնելով նախ Մեսրոպ պատրիարք սրբազանին վախճանման առթիւ, ապա ըսելով, որ այս տարի եւս յարգանքով պիտի յիշատակէ օսմանցի այն հայերը, որոնք «իրենց կեանքը կորսնցուցին Համաշխարհային Ա. պատերազմի դժուար պայմաններուն մէջ», նոյն ժամանակ ընդունելով, որ հայերը իրենց անուրանալի նպաստը բերած են այս երկրին եւ անոնց անդորրութիւնն ու ապահովութիւնը շատ կարեւոր է իրենց համար։