Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Թուրքիոյ խորհրդարանին ներկայացուց նախագիծ մը, որ կ՛առաջարկէ ուսումնասիրել 24 Ապրիլ 1915ին ձերբակալուած, ապա սպաննուած հայ մտաւորականներուն ճակատագիրը, բացայայտել անոնց աճիւններուն վայրերը եւ ապահովել անոնց պատշաճ յուղարկաւորութիւնը:
«Մեր խորհրդարանը Օսմանեան կայսրութեան եւ հայ ժողովուրդի՝ լուսաւորութեան համար պայքարած, կրթական կառոյցները կանգուն պահած, գրած, ստեղծագործած եւ այս հողերուն վրայ սպաննուած մտաւորականներուն իրաւունքը պէտք է պաշտպանէ եւ անոնց յիշատակը վառ պահէ», կը նշուի Փայլանի ներկայացուցած առաջարկին մէջ:
Նշելով, որ հայերը 104 տարի է ի վեր արդարութեան կը սպասեն՝ Փայլան դարձեալ ըսաւ. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը աշխարհի տասնեակ երկիրներու խորհրդարաններու հարցը դարձած է, սակայն Թուրքիոյ խորհրդանին մէջ ընդհանրապէս չէ քննարկուած: Մինչդեռ հայ ժողովուրդի մեծագոյն ողբերգութիւնը պէտք է քննարկուի նոյն ա՛յն խորհրդարանին մէջ, որուն երկրին մէջ տեղի ունեցած է այդ ողբերգութիւնը։ Աշխարհի բոլոր կողմերը սփռուած Թուրքիոյ հայերը 104 տարի է վեր արդարութեան կը սպասեն: Այդ արդարութիւնը, սակայն, կարելի է հաստատել միայն Թուրքիոյ մէջ ապրող ժողովուրդներու հոգիներուն եւ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ»: