Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող ռազմական դաշինքը անհանգստութեան աղբիւր է Հայաստանի համար, քանի որ այդ դաշինքին քաղաքականութիւնը ուղղուած է ընդդէմ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին EADaily-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան՝ պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօ՞ք Թուրքիան սպառնալիք կը համարուի Հայաստանի անվտանգութեան համար:
«Անկասկած, վերոնշեալ երկու երկիրներուն համագործակցութիւնը սպառնալիք է մեզի համար, յատկապէս եթէ հաշուի առնենք այն հանգամանքը, որ Ատրպէյճանը բացէ ի բաց կը սպառնայ Հայաստանին՝ պատերազմով, իսկ Թուրքիան՝ ցանկացած միջոցով կ՝աջակցի Պաքուի ռազմական մտադրութիւններու կեանքի կոչուելուն»,- նշած է Տօնոյեան՝ յիշեցնելով, որ Թուրքիան առհասարակ ռազմական համագործակցութեան առումով Ատրպէյճանի գլխաւոր գործընկերն է:
Նախարարը յիշեցուցած է, որ 2008-ին Հայաստանը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման փորձ ձեռնարկեց, սակայն պաշտօնական Անգարայի կողմէ պատասխան քայլեր այդպէս ալ չեղան: «Ի վերջոյ գործընթացը կանգ առաւ Թուրքիոյ ղեկավարութեան կողմէ ներկայացուած նախապայմաններուն հետեւանքով: Թուրքիան կը շարունակէ երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը կապել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման հետ: Մենք ալ կը պնդենք, որ լաւագոյն լուծումը պիտի ըլլայ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ առանց նախապայմաններու երկխօսութեան հաստատումը, որ թոյլ պիտի տայ մեր երկիրներուն՝ քայլ առ քայլ լիարժէք երկկողմ յարաբերութիւններու հաստատման ուղղութեամբ երթալու: Սակայն, հաշուի առնելով նախորդ գործընթացին ձախողումը, այժմ Թուրքիոյ հերթն է հանդէս գալու կառուցողական նախաձեռնութեամբ»,- յայտարարած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը: