Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Եւրոպական Միութիւնը 3 միլիոն եուրօ յատկացուց Հայաստանին՝ օգնելու համար սուրիացի փախստականներուն: Այս յատկացումին մասին յայտարարուած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի (ՀԸԳՀ) ծիրին մէջ կազմուած գործընկերութեան խորհուրդի գումարած առաջին նիստին:
Նշուած է, որ Եւրոպական Միութիւնը գումարը փոխանցած է «Մադադ» հիմնադրամին: