Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ Աւստրալիոյ Ռայտ քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը Մայիս 22ին միաձայնութեամբ վաւերացուցած է բանաձեւ մը, որ նեցուկ կը կանգնի Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան: Բանաձեւին մէջ կոչ կ՛ըլլայ կեդրոնական իշխանութիւններուն, որ պաշտօնապէս ճանչնան Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ ամրապնդեն Աւստրալիոյ յարաբերութիւնները Արցախի ու անոր քաղաքացիներուն հետ:
Ստորեւ՝ բանաձեւի մէկ մասին ոչ-պաշտօնական թարգմանութիւնը.
«1. Ռայտ քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը կը նշէ, որ 2018ին կը լրանայ Արցախի ազատագրական շարժման 30ամեակը, որ յանգեցուց 1991ին Արցախի Հանրապետութեան (նախապէս՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն) անկախութեան հռչակման:
2. Ռայտ քաղաքի քաղաքային խորհուրդը՝
ա. կը հաստատէ ինքնորոշման հիմնական իրաւունքի եւ ազատ ու ժողովրդավարական հասարակութեան կարեւորութիւնը,
բ. կը ճանչնայ բոլոր ժողովուրդներուն, ներառեալ՝ Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը,
գ. կ՛ընդգծէ Արցախի Հանրապետութեան շարունակական ջանքերը՝ ուղղուած օրինական խորհրդարանական ընտրութիւններու միջոցով ազատ եւ ժողովրդավարական հասարակութեան կառուցման ու պատասխանատու կառավարութեան կազմաւորման,
դ. կը սատարէ եւ կը խրախուսէ միջազգային հանրութեան մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներգրաւուածութիւնը՝ առկայ տարածաշրջանային խնդիրներու լուծման հասնելու եւ խաղաղութիւն ու կայունութիւն հաստատելու նպատակով,
ե. կը խրախուսէ Արցախի Հանրապետութեան հետ խաղաղ յարաբերութիւններու հաստատումը, ինչպէս նաեւ Արցախի ժողովուրդին մարդասիրական եւ տնտեսական աջակցութեան տրամադրումը, եւ
զ. կոչ կ՛ընէ դաշնակցային կառավարութեան՝ պաշտօնապէս ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ ամրապնդելու Աւստրալիոյ յարաբերութիւնները Արցախի Հանրապետութեան ու անոր քաղաքացիներուն հետ»: